Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՊԱՐՏ ՊԷՏՔ Է ԶԳԱՔ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՅՍ ՏՈՒՆԸ ՄԻՇՏ ՁԵՐ ԿՈՂՔԻՆ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ» ԸՍԱՒ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

December 28, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրախութիւն եւ նոյն ատեն յուզում առթող է տեսնել ալեհեր, տարիներու բեռան տակ կքած ու քիչ մը ամօթխած ծերունի մամիկներուն ու պապիկներուն մուտքը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահ, ուր երէկ` երեքշաբթի, 27 դեկտեմբերի կէսօրուան ժամը 11:30-ին, անոնք հրաւիրուած էին միասնաբար ճաշելու եւ տօնական ուրախ ժամեր անցընելու:

Հոգեթով եւ սրտագրաւ է ԼՕԽ-ականներուն մօտեցումը իւրաքանչիւր ծերունիի կամ պարագայի, անոնց մեղմ ու կարեկցական խօսելաձեւը, հարազատի նման իւրաքանչիւրին ընկերակցիլն ու զայն իր սեղանը առաջնորդելը:

ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ կայացած ճաշի հաւաքոյթին այս խոհանոցէն շաբաթական երկու անգամ դրութեամբ տաք ճաշ ստացողներուն կողքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, ինչպէս նաեւ բարերարներ եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ:

Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ բացման խօսքը արտասանեց Նանիկ Գանթեճեան, որ անդրադարձաւ մէկզմէկու օժանդակելու հայ ժողովուրդի ազգային հասկացողութեան, որուն նպատակն է հայրենակիցին ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն պատճառել:

Ան հաստատեց, որ ԼՕԽ-ը հաւատացած է ու կը հաւատայ հաւաքական լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքին արդիւնաւէտութեան. այդ սկզբունքէն մեկնելով է, որ հաստատուեցաւ հայկական խոհանոցի բաժանմունքը, որ արդէն շուրջ 7 տարիէ ի վեր կը գործէ` օգտակար դառնալով Պուրճ Համուտի մէջ ապրող 180 տարեցներու, հիւանդներու եւ որբերու, որոնց կարգին կան նաեւ ոչ հայեր:

Իր խօսքի աւարտին Ն. Գանթեճեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ծրագիրին յաջողութեան սատարող բոլոր անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն` յայտնելով, որ այդ պահը ամփոփումն է մարդկայնական վեհ զգացումներու:

Ապա իր սրտին խօսքը արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան. ան դիտել տուաւ, որ նման հաւաքներ տարբեր պատգամներ կը բովանդակեն եւ մտորումներու առիթ կու տան` յատկապէս անոր համար, որ իւրաքանչիւր ներկայ պէտք է ԼՕԽ-ի երդիքը նկատէ իրը, զայն ընկալէ իբրեւ իր հարազատ տունը: Սրբազան հայրը նշեց, որ նման նախաձեռնութիւններու ընդմէջէն աւելի եւս կ՛ամրապնդուի այն իրողութիւնը, որ ծերերուն եւ կարիքաւորներուն մասին մտածող կայ, անոնց հոգացող գոյութիւն ունի, անոնց կացութեան բարելաւման ի խնդիր հետեւողական աշխատանք կը տարուի: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ կեանքի օրէնքին բերումով ամէն անձ կրնայ օր մը աշխատելու եւ իր առօրեան տնօրինելու կարողականութիւնը կորսնցնել, ամէն անձ կ՛ուզէ իր կողքին կանգնող մը, իսկ ԼՕԽ-ը այս իմաստով լաւագոյն օրինակներէն կը հանդիսանայ: Գեղամ արք. Խաչերեան ընդգծեց, որ ճաշ հրամցնելը չէ նպատակը, այլ` նեցուկ ու զօրավիգ ըլլալը, հարազատի դիրքը գրաւելը, մանաւանդ որ ծերունիները եւս իրենց տալիքը ունին` իրենց օրհնութիւններուն ճամբով, որոնք արժէքաւոր ու թանկագին են:

Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ ներկաները պէտք է հպարտ ըլլան` ԼՕԽ-ի նման ազգային տուն մը իբրեւ նեցուկ եւ հարազատ երդիք ունենալնուն համար:

Ան գնահատանքի խօսք ուղղեց նման ծրագիրներու յաջողութեան համար մնայուն նեցուկ կանգնողներուն, յատկապէս Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ մնայուն զօրավիգ է բարեսիրական տարբեր ծրագիրներու:

Իր խօսքի աւարտին ան առողջութիւն մաղթեց ծերունիներուն` հաստատելով, որ իրենց օրհնութիւնները յաւելեալ ուժ ու կորով պիտի ներշնչեն:

Ապա «Ուրախ տարեդարձ» խումբէն անդամներ խանդավառեցին ներկաները եւ տօնական մթնոլորտ սփռեցին: Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ծերունիները, որոնցմէ ոմանք նաեւ այս առիթով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած էին նամակներու ճամբով:

Ուրախ եւ մտերիմ ժամեր անցընելէ ետք իւրաքանչիւր ծերունի եւ պարագայ ստացաւ նաեւ Կաղանդի իր նուէրը:

 

Նախորդը

«ԷՀԼԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ԿԱՂԱՆԴԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ` «ԺՊՏՈՒՆ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ» ԽՄԲԱԿԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

Յաջորդը

ՎԵՀԱՓԱՌԸ ԵՒ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ ՄԵԾ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ԴԱՐՁԱՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.