Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ նախանցեալ օր յաջողեցաւ շրջանցել «Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի արգելքը, Գ. հանգրուանի մրցումներուն իր դէմ պիտի ունենայ անգլիական Վուլվզ խումբը:
Պէտք է ըսել, որ Վուլվզ կը հանդիսանայ բաւական զօրաւոր խումբ մը: Նախորդ տարեշրջանին անիկա «Փրեմիեր-լիկ»-ին մէջ գրաւեց 7-րդ դիրքը` 9 կէտով ետ մնալով Մանչեսթըր Եունայթըտէն, որ գրաւեց 6-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Գ. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 8 եւ 15 օգոստոսին: