
26-28 յուլիսին Պհամտունի եռօրեայ փառատօնին` հովանաւորութեամբ տեղւոյն քաղաքապետարանին, իր մասնակցութիւնը բերաւ «Էյ. Եու. Էս. Թի.» համալսարանը, որ կազմակերպեց թրիաթլոնի մրցում մը:
Վերոնշեալ համալսարանը առաջարկեց ՀՄԸՄ-ի թրիաթլոնի յանձնախումբին, որ միասնաբար կազմակերպէ մրցում մը:
Ընդառաջելով այս առաջարկին` կիրակի, 28 յուլիսին, ՀՄԸՄ-ի թրիաթլոնի յանձնախումբը կազմակերպեց երկու մրցում` հովանաւորութեամբ Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին:
Առաջին մրցումը յատկացուած էր մեծերու եւ փորձառու մարզիկներու: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 61 անձեր (անհատական), ինչպէս նաեւ 2 անձերէ բաղկացած 9 խումբեր: Ընդամէնը` 79 հոգի:
Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, «Էյ. Եու. Էս. Թի.» համալսարանին առջեւէն ազդանշանը տրուեցաւ թրիաթլոնի այս մրցումին (5 քմ վազք, 20 քմ հեծելարշաւ եւ 2,5 քմ վազք):
Մրցումին ազդանշանը տուաւ Պհամտունի քաղաքապետ Ֆիլիփ Մաթթա:
Թրիաթլոնի մրցումին աւարտին, առաջին երեք դիրքերը գրաւող մարզիկները ստացան նիւթական պարգեւներ, տրամադրուած` քաղաքապետարանին կողմէ, ինչպէս նաեւ բաժակներ եւ մետալներ, տրամադրուած` «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ի կողմէ:
Երկրորդ մրցումին մասնակցեցան 46 անձեր («Մաութըն Պայք»), որոնք ոչ արհեստավարժ եւ սկսնակ էին:
Ժամը 10:30-ին սկսած այս մրցումը ընդգրկեց 1200 մեթր վազք, 5 քմ հեծելարշաւ եւ դարձեալ 1200 մեթր վազք:
Զոյգ մրցումներուն կ՛ընկերանային Լիբանանեան կարմիր խաչը, Ներքին ապահովութեան ուժերը եւ Լիբանանեան բանակը:
Մրցումները ընթացան բաւական հետաքրքրական եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ, մանաւանդ որ նորեկ մարզիկներ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէին թրիաթլոնի մրցումի մը, ստացան բաական մեծ քաջալերանք:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, որմէ ետք յատուկ յուշանուէրներ տրուեցան քաղաքապետ Ֆիլիփ Մաթթայի, «Էյ. Եու. Էս. Թի.» համալսարանի նախագահ Հիամ Սաքրի, Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, ՀՄԸՄ-ին, Ներքին ապահովութեան ուժերու մարզական բաժանմունքի նախագահ զօր. Հիւսէյն Խաշֆէի, «Ալէյ Պայք» ակումբին եւ «Թրիատտիշ» ակումբին:
Յատուկ յուշանուէրներ ստացան նաեւ բոլոր մասնակցողները:
Այստեղ կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ մրցումներուն հսկեց եւ կազմակերպչական բաժինին մէջ իր մեծ ու կարեւոր դերը ունեցաւ Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Պետիկ Լոճիկեան:




