Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին Մէջ Համշէնահայ Մտաւորական Հուրիյէ Շահինը Ներկայացուց Համշէնցիներու Ներկայ Խնդիրները

August 2, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յուլիս 29-ին «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» գիտահետազօտական հիմնադրամի կազմակերպմամբ, կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Թուրքիոյ համշէնահայ մտաւորական, շարք մը գիրքերու հեղինակ Հուրիյէ Շահինի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան` Արևմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանը, համշէնագէտ, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Սերգէյ Վարդանեանը եւ օրուան գլխաւոր բանախօս Հուրիյէ Շահինը:

Հայկազուն Ալվրցեանը, ներկայացնելով հիւրին կատարած գործունէութիւնը համշէնահայերու միջավայրին մէջ, շեշտեց յատկապէս այն հանգամանքը, որ համշէնահայերու ազգային գիտակցութեան վերելքի պայմաններուն մէջ յատկապէս նկատելի է համշէնահայ հետազօտողներու եւ մշակութային գործիչներու ներդրումը այս գործին մէջ:  Ան յատկապէս առանձնացուց գերմանաբնակ համշէնահայ մտաւորական Ալիյէ Ալթի հետազօտութիւնը` Համշէնի պատմութեան վերաբերեալ, Հուրիյէ Շահինի` Համշէնի բարբառին նուիրուած աշխատանքն ու փոքրամասնութիւններու ձուլման մասին ուսումնասիրութիւնը, բեմադրիչ Ալպեր Օզճանի ժապաւէնները` համշէնցիներու ազգային ինքնութեան զարթօնքի թեմայով, համշէնցիների ՀԱՏԻԿ միութեան և «Վովա» ժողովրդական երգչախումբին գործունէութիւնը եւ այլն:

Սերգէյ Վարդանեանը, անդրադառնալով համշէնահայութեան արդի խնդիրներուն, խօսեցաւ Հուրիյէ Շահինի «Համշէներէն լեզուի իմացութիւն» գիրքին մասին, ներկայացուց գիրքին բաժինները եւ շեշտեց, որ Հուրիյէ Շահինը ներդրում ունի նաեւ համշէնահայերու կեանքի այլ ոլորտներու մէջ: Համշէնագէտը թուարկեց այդ ոլորտներու վերաբերեալ Հուրիյէ Շահինին աշխատութիւնները:

Հուրիյէ Շահինը խօսեցաւ Թուրքիա բնակող համշէնցիներու ներկայ խնդիրներուն մասին` մասնաւորապէս անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ համշէնահայութեան մշակոյթի եւ լեզուի պահպանման ուղղուած գործընթացին: Ան յայտնեց, որ քանի մը  տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ օրէնք ընդունուած է` փոքրամասնութիւններու լեզուներու ուսուցումը, որպէս ընտրովի դաս, դպրոցական ծրագրին մէջ ընդգրկելու վերաբերեալ: Այդ իրաւունքէն արդէն սկսած են օգտուիլ որոշ փոքրամասնութիւններ, որոնց մէջ  Արդուին եւ Ռիզէ նահանգներուն մէջ բնակող լազերը: Սակայն Թուրքիոյ համշէնցիները առայժմ չեն դիմած համապատասխան պատկան մարմիններուն` իրենց այդ իրաւունքէն օգտուելու հարցով, քանի որ անոր համար նախ անհրաժեշտ է ունենալ համապատասխան դասագիրք: Հիմնականին մէջ այդ պատճառով Հուրիյէ Շահինը որոշած է գրել «Համշէներէն լեզուի իմացութիւն» գիրքը, որ, թէեւ` ոչ բաւարար, այնուամենայնիւ, փորձ մըն է` նման դասագիրք ստեղծելու ուղղութեամբ:

Հարց-պատասխանէն ետք ներկաներուն խնդրանքով, Հուրիյէ Շահինը կատարեց  համշէնական երգ` խիստ յուզելով ներկաները: Ան մասնակիցներուն նուիրեց իր վերջին գիրքը:

Նախորդը

Հերացու Անուան Ոսկէ Յուշամետալ «Եղնիկներ»-ի Բժշկուհուն

Յաջորդը

«Հայրենիքը Կը Սկսի Սահմանէն»

RelatedPosts

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.