Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ի՞նչ Հոգեվիճակով Կը Դիտեն Ողբերգութիւնները…

Յուլիս 31, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ամերիկեան ու միջազգային լրատու աղբիւրները քանի մը օրը անգամ մը իրարու հետ մրցումի կ՛ելլեն` աշխարհին «աւետելու» այն պատուհասները, որոնց կ՛ենթարկուին իրենց երկիրներէն ԿԱՄՈՎԻՆ հեռացող գաղթականներ:

Ուրբաթ, 26 յուլիսին Միջերկրականի մէջ պատահած ծանրագոյն աղէտի մը արձագանգեցին տարբեր ցամաքամասերու լրատու աղբիւրներ. դէպքը  եղաւ մարդկութեան հորիզոնը մթագնող ու կարմիր ներկող նորագոյն գոյժը: Ափրիկեցի շուրջ 150 գաղթականներ խեղդամահ եղած են, փոքրաթիւ ուրիշներ փրկուած են ու պատմած` իրենց ոդիսականը: Անդին, բազմագոյն ողբերգական դէպքեր կը ներկայացուին լատինամերիկեան երկիրներէ դէպի Միացեալ Նահանգներ խուժողներու, Կուաթեմալայէն դէպի Մեքսիքա, կամ անկէ Միացեալ Նահանգներ անցնիլ փորձողներու մասին. ականատես կ՛ըլլանք, թէ ինչպէ՛ս ոմանք գետերու մէջ ջրամոյն կ՛ըլլան, ուրիշներ տաժանքի կը մատնուին ամերիկեան սահմանագլուխի գաղթակայաններու մէջ, հերթական մահեր կ՛արձանագրուին: Այս բոլորը լուսանցքի վրայ կը ձգեն մասնաւորապէս ասիացի ու միջինարեւելքցի այն գաղթականները, որոնք հարկադրաբար իրենց տունէն-տեղէն հեռացան վերջին տասնամեակներուն, հալածուած` իրենց երկիրները փոթորկող մարդակեր աղէտներէն, որոնք յորջորջուեցան «քաղաքացիական պատերազմ» անունով, եւ գացին «ողողելու» եւրոպական երկիրներ:

Լրատուութեան կ՛ընկերանան մեղադրական ու մեկնաբանական շիլ բացատրականներ: Կը մեղադրուին գաղթականներ չընդունող-վանող երկիրները, նաեւ` ՄԱԿ-ի այն ենթաբաժանումները, որոնք բաւարար աջակցութիւն չեն տրամադրեր գաղթականներուն: ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներն ալ չքմեղանքի կը դիմեն` նշելով, որ այսօր աշխարհի տարածքին գաղթականներու թիւը անցած  է 70 միլիոնը… (Թող մասնագէտ հաշուապահներ մեզի ըսեն, թէ ՕՐԱԿԱՆ որքա՞ն գումարի կը կարօտին ՄԱԿ-ն ու մարդասիրական այլ միաւորներ, եթէ, ըսենք, իւրաքանչիւր գաղթականի նուազագոյն կարիքները հոգալու համար պէտք է ծախսել գոնէ 5 տոլար, եւ թէ` ի վերջոյ ուրկէ՛ կը գոյանան նման գումարներ. «կողմնակիօրէն» կարելի է նաեւ հաշուել, թէ նման կացութենէ շահ ապահովողներու` չարաշահներու գանձանակները որքա՞ն կ՛ուռին):

Ոչ ոք կը խօսի, թէ բազմատասնեակ միլիոնաւոր մարդիկ ինչո՞ւ տուն-տեղ ձգած` վերցուցած են գաղթականի ցուպն ու մախաղը եւ մատնուած` հայրենալքումի. լաւագոյն պարագային, յանդուգն լրագրողներ մակերեսային ակնարկութիւններ կ՛ընեն այն մարդակեր տաժանքներուն, որոնք ստեղծուած են տարբեր ցամաքամասերու վրայ` հարկադրելով պատմութեան մէջ նախընթաց չունեցող նման հոսանքներ: Իսկ թէ արդեօք աշխարհամարտերու օրերուն նման ալիքներ ստեղծուա՞ծ են` այդ ալ ձգենք պատմաբաններուն: Իրականութիւնը այն է, որ հզօր պետութիւններու վարչամեքենաները իրենց կամակատարներուն վերածած ու սահման չճանչցող շահամոլ «կայսրութիւններ», մինչեւ իսկ օրէնքներու մշակման ճամբով, գտած են նման վիճակներ յառաջացնելու եւ զանոնք առաւելագոյն չափով շահագործելու ձեւերը, մերթ ժողովրդավարութիւն պաշտպանելու-տարածելու, երբեմն ալ` թերաճները քաղաքակրթելու յոխորտանքներով:

Ու բոլոր ցամաքամասերուն վրայ իրենց պետական վարիչները ժողովրդավարական ճամբաներով ընտրած զանգուածները այս ողբերգութիւնները կը դիտեն այն հոգեվիճակով, որ պիտի ունենային ողբերգական կամ աղէտի մասին ժապաւէններ դիտողներ, վստահ ըլլալով, որ պաստառին վրայ երեւցող դերասանը իսկապէս չի մեռնիր, մինչեւ իսկ եթէ ան «չարի տիպար» մարմնաւորող է, ու պիտի երեւի այլ ժապաւէնի մը մէջ, կամ… մրցանակաբաշխութիւններու պահուն, ինչո՞ւ չէ, նաեւ այն օրը, երբ անոր անուան շուրջ հիւսուի իրական կամ շինծու գայթակղութիւն մը:

26 յուլիս 2019  

 

Նախորդը

Արցախի Կարգավիճակը Կարմիր Գիծ Է… Յատկապէս` Ազրպէյճանական Նկրտումներու Պարագային

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Բեմադրիչ Երուանդ Ղազանչեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?