Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆԻ ՓՈԽԱՐԷՆ` ՈՍՏԻԿԱՆԱԿԱ՞Ն ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

December 27, 2011
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զոհն ու անմխիթար հայրը

Ես կ՛ուզեմ նշել նկատողութիւն մը: Կը կարծեմ, թէ ասիկա նաեւ կը բաժնէ հասարակութեան մեծամասնութիւնը: Ոստիկանութիւնը սկսած է փոխուիլ: Այնպէս կը թուի, թէ անոնք սկսած են տիրանալ այն դերին, որ թրքական զինեալ ուժերը ունէին:

Անցեալին թրքական զինեալ ուժերը կ՛իշխէին ամէն ինչի: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը վարէր քաղաքականութիւններ, բանակը նոյնպէս մասնակից էր առօրեայ կեանքին: Օրինակ, զինեալ ուժերը կրնային շղթայազերծել փտածութեան հետաքննութիւն, որուն մէջ նոյնպէս ներառուած կ՛ըլլային շատ կարեւոր քաղաքական գործիչներ: Զինեալ ուժերը կրնային յարձակումներ կազմակերպել, դատախազներու համար իբրեւ ոստիկանական ուժեր աշխատիլ եւ գաղտնի լսել, ձայնագրել հեռաձայնային զրոյցներ:

Զինուորականութիւնը նոյնիսկ աւելի գերիշխող էր սովորական յանցագործութեան վրայ: Ան կա՛մ կը բաժնէր իր առաւել ընդարձակ  հետախուզութիւնը ոստիկանութեան հետ, կա՛մ ալ ինք կը սկսէր գործողութիւնը եւ ապա ոստիկանութեան կը յանձնէր:

Ոստիկանութիւնը կ՛օգտագործուէր, կարծես թէ զինուորականութեան ենթակապալառուն էր:

Դուք նշմարա՞ծ էք: Այս դերերը սկսած են փոխուիլ վերջին քանի մը տարիներուն:

Մենք ատիկա բազմաթիւ անգամներ քննարկած ենք. կա՞ր հակամարտութիւն զինուորականութեան  եւ ոստիկանութեան միջեւ:

Ասիկա բնական արդիւնքն է Թուրքիոյ մէջ «ժողովրդավարացման» եւ «զինուորականութեան ազդեցութեան նուազումին»:

Ոստիկանութիւնը ձեւով մը «յաղթեց» այս հոլովոյթին աւարտին:

Ասիկա ճիշդ ձեւն է: Զինուորականութեան պարտականութիւնն է երկիրը պաշտպանել: Ոստիկանութեան պարտականութիւնն է կարգն ու կանոնը պահպանել: Բայց ես կասկածներ ունիմ, թէ ոստիկանութիւնը որքանո՞վ կը մարսէ այս ծանրութիւնը, որ բեռցուած է իր վրայ:

Ես կը տեսնեմ ոստիկանութեան պաշտօնատարներ, որոնք գռեհիկ կերպով  կը գործեն:

«Քաղաքական իշխանութեան» եւ «ժողովրդավարացման» աջակցութեան դիւրութիւնը ունենալով` անոնք ուշադրութիւն չեն դարձներ հիմնական իրաւունքներու եւ ընկերային հոգեբանութեան, ըլլայ ատիկա փողոցներու մէջ ցոյցերու ընթացքին կամ դատախազները պաշտպանելու ատեն:

Զմիւռնիոյ ոստիկանատունէն ներս ծեծի ենթարկուելու պարագաներէն մինչեւ Հոփայի ցոյցերու ատեն ոստիկանական հանրակառքերու մէջ խոշտանգումներն ու սեռային ոտնձգութիւնները, գրեթէ ամէն օր ժխտական պատկերներ կը տեսնուին պատկերասփիւռի պաստառներուն վրայ:

Հեռաձայնային գաղտնի, անվերջ լսումներն ու որոշակի փաստերու վրայ չհիմնուած դատական հայցերը, թղթածրարները կ՛աւելցնեն հարցումները:

Զինուորականութիւնը տարիներու փորձառութեամբ աւելի կարգապահ է: Արդեօ՞ք որովհետեւ ոստիկանութիւնը հազիւ բացայայտած է այդ տարածքները, կամ որովհետեւ իրենց դրսեւորած կեղտոտ կեցուածքները լուսարձակի տակ առնուած են եւ կը ցուցադրուին:

Ոստիկանութեան կառավարումը, նախարարէն մինչեւ ամէնէն ցած աստիճանով ոստիկանապետը, շատ զգուշ պէտք է ըլլան: Հասարակութիւնը, որ հազիւ թօթափած է զինուորական ճնշումը, պէտք չէ դատապարտուի «ոստիկանութեան վախի»:

Հարուածող ոստիկանութիւնը, որուն համար վարկը անարժէք, անհեթեթութիւն է, որ դատախազները կ՛ուղղէ բամբասանքներու վրայ հիմնուած ամբաստանութիւններով, որոշ ատեն մը ետք պիտի հակադարձէ:

Եթէ ոստիկանութիւնը կը նպատակադրէ ստանձնելու, ձեռնարկելու զինուորականութեան նախկին դերը, մեծ սխալ մը կ՛ընէ:

ՀՕՐ ՄԸ ԼԱՑԸ

Դուք վերջերս դիտեցի՞ք Հիտիր Էօզթիւրքը պատկերասփիւռի պաստառին վրայ: Ան կու լար իր 17-ամեայ դուստր Այթեն Էօզթիւրքի համար, որ զոհ գնաց չլուծուած, չբացայայտուած ոճիրի մը, 1992-ին, արեւելեան Տերսիմ նահանգին մէջ, եւ որուն տանջանքներու հետքեր կրող մարմինը երկու ամիս ետք գտան հաւաքական գերեզմանի մը մէջ:

Հիտիր Էօզթիւրք զինք ունկնդրողները եւս լացուց:

Կը պնդուի, որ Թուրքիոյ ոստիկանութեան գաղտնի սպասարկութեան միաւոր մը` Ժիթեմ, որ զինուորականութեան կողմէ պաշտօնապէս բնաւ չէ ճանչցուած, ինք սպաննած է Այթենը:

76-ամեայ Հիտիր Էօզթիւրք բացատրեց Թուրքիոյ ոստիկանական գունդի այդ օրերու հրամանատարին հետ իր զրոյցները: Էօզթիւրք ըսաւ, որ նկատի ունենալով այն հաւանականութիւնը, թէ իր դուստրը կ՛անդամակցի արգիլեալ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ), զայն յանձնած են յայտնի մարդասպանութեան օրէնսգիրքին` Եշիլ (կանաչ) անուանակոչուած:

Իմ սիրտս խորտակուեցաւ Հիտիր Էօզթիւրքը ունկնդրած պահուս: Ես զզուելի գտայ պետութեան դաժանութիւնն ու այդ պետութիւնը ներկայացնողները:

ԱՅԺՄ ԵՍ ԿԸ ՍՊԱՍԵՄ

Մարդկային իրաւանց ուսումնասիրութեանց խորհրդարանական յանձնախումբին յառաջացուցած ահաբեկչութեան եւ վայրագութեան հարցերով ենթայանձնախումբը ի՞նչ պիտի ընէ:

Անոնք պիտի փակե՞ն թղթածրարը Հիտիր Էօզթիւրքի, որ կ՛ըսէ. «Ես հայրն եմ երեխայի մը, որուն դիակը հերձուեցաւ, մասնատուեցաւ, որուն աչքերը փորուեցան, որուն ականջները կտրուեցան»:

Կամ, արդեօ՞ք ենթայանձնախումբը քրէական բողոքի հարց պիտի ներկայացնէ արդարադատութեան:

ՄԵՀՄԵԹ ԱԼԻ ՊԻՐԱՆՏ

«Հիւրրիյէթ»

Նախորդը

ՎԱՏԻԿԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՆՏԵՍԵՑ ԿՂԵՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»-Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՎԱՀԷ ԹԱՇՃԵԱՆԻ ՀԵՏ. «ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ»` ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՅԱՐԱԿԻՑ ՀԱՅԱԲՆԱԿ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՇՏԵՄԱՐԱՆ

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.