Հայաստանի ֆութպոլի բաժակակիր Ալաշկերտ Երեւան 25 յուլիսին «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի հիւրընկալէ Շթէուան (Ռումանիա):
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Հայկական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ այս մրցումին նկատմամբ գոյութիւն ունեցող մեծ հետաքրքրութեան պատճառով խումբին բոլոր համակիրները կրնան անոր ներկայ գտնուիլ անվճար տոմսեր ձեռք ձգելով: