Հովանաւորութեամբ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, այսօր` շաբաթ եւ վաղը` կիրակի, տեղի կ՛ունենայ Արզի 28-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
311, 21 քմ երկարութիւն ունեցող այս ռելիին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 18 ինքնաշարժներ:
Այսօր երեկոյեան ժամը 17:55-ին ռելին կը սկսի Արզի «Սետրիւս» պանդոկին առջեւէն: Անիկա պիտի ըլլայ ցուցադրական հանգրուան մը:
Իսկ վաղը, հաւանաբար երեկոյեան ժամը 17:45-ին, տեղի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը` ռելիին մեկնարկին վայրէն:



