Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու 14 տարեկանէն վար 2019-ի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 2 մրցում կը կատարէ:
Այսօր` շաբաթ, 20 յուլիսին, ժամը 15:00-ին ՀՄԸՄ-ի կազմը, Նուհատ Նաուֆալ մարզադաշտին վրայ (Զուք Միքայէլ) կը մրցի Աթլասի դէմ:
Իսկ վաղը` կիրակի, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մրցակիցը կ՛ըլլայ Շարթիէ Զուք:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ամալ Պիքֆայայի դաշտին վրայ, որ շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին վերանորոգուեցաւ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմէն կը սպասուի այս երկու մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրել:


