Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին բաժակի մրցաշարքը սկսաւ երէկ` երկու մրցումներով:
Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտին վրայ Սաֆա 4-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 2-0) յաղթանակ մը արձանագրեց Շապապ Պըրժի դէմ:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Քֆարժոզի դաշտին վրայ (Նապաթիէ), Պըրժ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թատամոն Սուրի դէմ: