Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵԾ ՀՕՐՍ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

December 24, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ապրող էակները մեռնողներ են»

ԺԱԼԱԼ ԹՈՒՖԻՔ

Մեր ծնած օրէն արդէն կը մտնենք մահուան ընթացքին մէջ: Կը ծնինք, կ՛ապրինք ու ապա կը մահանանք… Եւ այս շարունակական անհերքելի իրականութեան կու տանք «Կեանքին օրէնքն է» արտայայտութիւնը:

Այո՛, «Կեանքի օրէնքն է» եւ մենք այդ օրէնքին կամայ ակամայ ենթարկուողներն ու հետեւողներն ենք:

Կ՛ենթարկուինք տարբեր պայմաններու մէջ, տարբեր տարիքի եւ ժամանակի ընթացքին: Ուստի մահն ու մահուան գաղափարը մեր կարողութիւններէն վեր կը դասուին մինչեւ այսօր…

Սակայն մեզի տրուած է կեանքը, որպէսզի ապրինք, սակայն ապրելէ աւելի` գործենք, աշխատինք:

Այս գաղափարին հաւատացող ու անոր հետեւող մէկն էր մեծ հայրս` Յակոբ Պալապանեանը, ծնած 1931-ին, Մուսա Լեռ, ապա հասնելով Այնճար, տարիներով աշխատած ու չարչարուած մարդ մը:

Զօրաւոր ֆիզիքականով, ամուր նկարագիրով մարդ մը:

Յամառ կամքով մէկը, որ կրցաւ դէմ դնել կեանքի բոլոր խոչընդոտներուն:

Աշխատանքը սիրող մարդ մը, որ տարիներ շարունակ աշխատեցաւ առանց դժգոհելու, առանց յոգնելու:

Ուրախութիւնը, քէֆը, ընկերութիւնը սիրող էր:

Գիւղը, հողը, պարտէզը, բնութիւնն ու պարզութիւնը սիրող մարդ մը:

Ցուցամոլութիւնը, փառամոլութիւնը եւ քաղաքի բոլոր վատ յատկանիշները ատող մարդ մը:

Սիրող, յարգող ու հաւատացեալ մարդ մը:

Մարդ մը, որ «կեանքի օրէնք»-ին հետեւելով` բաժնուեցաւ մեզմէ, բաժնուեցաւ բոլորէն, բաժնուեցաւ կեանքի բոլոր դժուարութիւններէն, ուրախութիւններէն… ու այժմ ան կը հանգչի…

Եւ ահա 40 օրեր անցած են, ու մենք տակաւին չենք խօսած իրարու հետ, ուստի մեծ հայրիկ, քու սիրած բառովդ` պապուկ, թոյլ տուր անգամ մը եւս խօսինք իրարու հետ, որովհետեւ ես կը խօսիմ մեր ընտանիքին, հարազատներուն, բարեկամներուդ եւ ընկերներուդ անունով:

Ուրեմն խօսիմ քեզի թաղմանդ օրուան մասին:

Անձրեւոտ օր մը, առաւօտեան, նախ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարեցինք Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ էին բոլորը, բոլոր անոնք զորս կը սիրէիր ու կը յարգէիր, բոլորն ալ տխուր էին, որովհետեւ կորսնցուցին բարի, ազնիւ բարեկամ մը, հարազատ մը:

Ապա հասանք Այնճար, անցանք մեր տան առջեւէն… այն տունը, որ քու ջանքերովդ կանգուն մնաց: Տեսանք պարտէզը, ուր այժմ հողն ու ծառերը մնացած են որբ, մինչեւ իսկ անոնք յուզուած էին, մինչեւ իսկ տունը կու լար, երկինքէն իջած ցուրտ անձրեւի կաթիլներով, որոնք քու կորուստդ կ՛արտացոլէին… Այս բոլորէն ետք քեզ յանձնեցինք քու ամենասիրած հողիդ…

Շաբաթ մը ետք, դարձեալ այցելեցինք գերեզմանդ… խոնաւ հողակոյտ մը, վրան ծաղկեպսակներ, որոնք տակաւին անթառամ վիճակի մէջ էին…

Կանգնած` կը դիտէինք թաց ու կարմրորակ հողի կոյտն ու ծաղիկները…

Չէինք ուզեր քեզ մինակ ձգել այդտեղ… այդ պահուն ալ զրուցեցինք, մոմեր ու խունկ վառեցինք: Ապա վերադարձանք` վերանորոգած մեր յիշատակները, տխուր, յուզմունքով դարձեալ կրկնելով` դժբախտ իրականութիւնը խորհրդանշող «Կեանքի օրէնքն է» արտայայտութիւնը:

Պապո՛ւկ, ճիշդ է, որ մենք վերադարձանք մեր առօրեային, սակայն քու բացակայութիւնդ յստակ է… անկողինդ` գոց, պարապ ու պաղ, ձայնդ` անլսելի, դո՛ւն` բացակայ, բայց քու յիշատակներդ` ներկայ, քու նկարդ` ներկայ, որ տակաւին կը հսկէ բոլորիս… կը հսկէ ու պիտի հսկէ…

Խաղաղօրէն ննջէ՛ պապուկ…

Առայժմ ցտեսութի՛ւն: Դարձեալ կը հանդիպինք, «Կեանքի օրէնքն է»:

Թոռնիկդ`
ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Նախորդը

ՊՕՂՈՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Յաջորդը

ԱՆՆՄԱՆ ՊՐՆ. ՅԱԿՈԲԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.