ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստերու, որոնք ցերեկն ու գիշերը պիտի գումարուին երեքշաբթի, 16, չորեքշաբթի, 17 եւ հինգշաբթի, 18 յուլիս 2019-ին` քննարկելու համար 2019-ի պետական ամավարկը:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ելեկտրականութեան հարցի յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի եւ նախարարներ Մոհամետ Ֆընէյշ, Քամիլ Ապու Սլէյման, Եուսեֆ Ֆընիանոս եւ Նատա Պուսթանի:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը, որուն հետ քննարկեց շաբաթ, 13 յուլիս 2019-ին, Մեծն Բրիտանիա իր կատարելիք պաշտօնական այցելութեան մանրամասնութիւնները:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն ընկերակցեցան արհեստագիտութեան եւ ներդրումի պետական նախարար Ատել Աֆիունի եւ երեսփոխաններ Ժան Օպէյտ եւ Ալի Տարուիշ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք շեշտեց, որ Լիբանան Իրաքի հետ պիտի ստորագրէ համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ Պաղտատի մէջ պիտի կատարուի լիբանանեան դեղորայքին շուկայադրումը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա ընդգծեց, որ կառավարութեան նիստ մը գումարելու առումով կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները առկայ են եւ այդ իմաստով դրական նշոյլները շօշափելի են:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ նախ եւ առաջ պէտք է քաղաքական կայունութիւնը վերահաստատել:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Լիբանան ոչ մէկ կերպով կրնայ ամերիկեան ելեւմտական պատժամիջոցները շրջանցել, եթէ անոնք լուրջ ըլլան:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ ընդգծեց, որ Քապըր Շմունի միջադէպը Արդարութեան խորհուրդին չփոխանցել կը նշանակէ ոճրային արարքները արտօնել: Անդրադառնալով Հըզպալլայի պատասխանատուներուն դէմ հաստատուած ամերիկեան ելեւմտական պատժամիջոցներուն` Ուահապ հաստատեց, որ անոնք իւրաքանչիւր արժանապատիւ լիբանանցիի հասցէին ուղղուած վարկաբեկիչ արարքներ են` կոչ ուղղելով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը վտարելու:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը երեսփոխաններ Մոհամետ Ռաատէն եւ Ամին Շըրրիէն հրաժարական պիտի չպահանջէ:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, արտաքին հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը ստացած է տեղեկութիւններ, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի դէմ որդեգրուելիք ամերիկեան մագլցողական քայլերուն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ կը ջանայ Քապըր Շմունի միջադէպը լուծել` այդ թղթածրարը համախոհութեամբ Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելով: