ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Պալապանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Շահէ Պալապանեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Մաթէոս Նիւրբէթլեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Մատլեն Փաթաքեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Մարի Ժան Գութուճեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Աբրահամ եւ Հենրիեթ Մալեան եւ զաւակունք
Պալապանեան եւ Նիւրբէթլեան ընտանիքներ
Գասապեան եւ Ինճէեան ընտանիքներ
Փաթաքեան եւ Գութուճեան ընտանիքներ
Մալեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԺԱՆԵԹ ՊԱԼԱՊԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՆԻՒՐԲԷԹԼԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 21 յունիս 2019-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 24 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
————————————-
Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵՒ Ս. ԳԱՅԵԱՆԵԱՆՑ
ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՏՕՆ
Հանդիսապետութեամբ
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ
Լիբանանի հայոց առաջնորդ
Շաբաթ, 22 յունիս 2019, երեկոյեան ժամը 6:00, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ժամերգութիւն, սուրբ կոյսերու մասունքով թափօր, սուրբ պատարագ եւ ջրօրհնէք
Պատարագիչ եւ քարոզիչ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ հայորդիները` մասնակցելու եկեղեցական արարողութիւններուն եւ սրբուհիներուն բարեխօսութեամբ ստանալու Աստուծոյ օրհնութիւնը:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆի մահուան 5-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 23 յունիս 2019-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍՕՍԻ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 23 յունիս 2019-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍԵՐՈԲ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆի մահուան 5-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 23 յունիս 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տիկին Սիլվա Ճերմակեան եւ զաւակները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն եւ հօր` ԼԵՒՈՆ ՃԵՐՄԱԿԵԱՆի մահուան սուգին:
————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Ժէլ Էլ Տիպ, 130 քառ. մեթր:
Սին Էլ Ֆիլ, 70 քառ. մեթր:
Հեռ. 76-944642:
————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
«Bechmezine Country Club»-ը կարիքը ունի վերակացու-պատասխանատուի մը, կեցութիւնը` ապահովուած: Դիմել` հեռ. 03-100482:
————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիաս-Մըզհեր կահաւորուած, 3 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, 2 պատշգամ, 3-րդ յարկ, ծովահայեաց: Ամսական 700$: Հեռ. 03-210051:
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳՈՒՍԱՆ» ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ
30 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ

