Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Հայաստանը Ինքն Իրմէ Վստահ Է, Թող Բանայ Արխիւները» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

June 14, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա գտնուող Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին Չաւուշօղլու Հայաստանին դարձեալ կոչ ուղղած է բանալու արխիւները: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը:

«Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ երկկողմանի առեւտրական ծաւալները 14 միլիառ տոլարէն 20 միլիառ տոլարի հասցնելու համար աշխատանքներ տանելու ուղղութեամբ համակարծիք ենք: Ֆրանսայի մէջ 700 հազար թուրք կ՛ապրի: Տխրութեամբ կը հետեւինք, որ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ ահագնացող ցեղապաշտութիւնը կ՛անդրադառնայ նաեւ անոնց վրայ: 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ Ֆրանսայի որդեգրած ամբոխավարական եւ քաղաքական դիրքորոշումը կտրուկ կերպով կը մերժենք: 24 ապրիլը իբրեւ յիշատակման օր ընդունիլը կը հակասէ Ֆրանսայի Սահմանադրութեան ու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումներուն:

«Ամբոխավարական քաղաքականութեան փոխարէն աշխատանքային խումբ ստեղծելու առաջարկ ունինք: Եթէ Հայաստանը ինքն իրեն կը վստահի, թող ընդունի մեր առաջարկը: Թող ատոր մէջ ըլլան Ֆրանսան, Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները: Հայաստանը որուն որ կը ցանկայ, այդ յանձնախումբին մէջ թող ընդգրկուի: Բանանք մեր արխիւները», ըսած է ան:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու նաեւ անդրադարձած է Ֆրանսայի եւ Սուրիոյ քիւրտերուն միջեւ յարաբերութիւններուն: Ան նշած է, որ երկու երկիրները Սուրիոյ վերաբերող շարք մը հարցերու մէջ, ներառեալ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, համակարծիք են, սակայն ֆրանսացիներուն եւ քիւրտերուն միջեւ համագործակցութիւնը սխալ է:

«Սակայն Ֆրանսայի եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութենէն (ՔԱԿ) ոչ մէկ բանով տարբերող Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ մտերիմ համագործակցութիւնը ճիշդ չենք նկատեր եւ կը տեսնենք, թէ ատիկա ինչպէ՛ս կ՛արտացոլայ ՕԹԱՆ-ի մէջ մեր համագործակցութեան վրայ: ՔԱԿ-ը եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը նոյնն են: Այդ իսկ պատճառով Ֆրանսային չի վայելեր, որ մէկ կողմէ կը պայքարի ՔԱԿ-ի դէմ, իսկ միւս կողմէ կը գործակցի Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն հետ: Սուրիոյ ապագային, սահմաններու եւ տարածքներու ամբողջականութեան տեսանկիւնէն վտանգաւոր է: Բացի ատկէ, ասիկա մեր սահմաններուն, երկրին եւ ազգին անվտանգութեան համար ալ զգայուն նիւթ է», ըսած է Չաւուշօղլու:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բրիտանիոյ` Օժանդակելու Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին, Եւ Կը Մերժենք Բնակեցումի Որեւէ Փորձ»

Յաջորդը

Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս Դարձեալ Արցախ Կը Գտնուի

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.