Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բրիտանական զինուած ուժերու հարցերով պետական նախարար Մարք Լենքեսթըրի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Բրիտանիոյ` լիբանանեան բանակին տրամադրած օժանդակութիւններն ու զինամթերքը:
Պասիլ Լենքեսթըրէն խնդրեց շարունակել լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն տրամադրուած բրիտանական զինուորական օժանդակութիւնները:
Նախարարները քննարկեցին նաեւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները: