Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ. ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

December 21, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կրնա՞յ գալ օրը
Երբ այդ բոլորը
Ինծի ալ թուին շատ սովորական
Պարզ ու ընտանի
Ինչպէս ամէնուն, ինչպէս ամէն տեղ,
Եւ ես թօթափեմ
Այս ջերմ բայց յոգնած
Վիպական լեզուն
Ու զգաստացած
Ես ալ իմ կարգը
Ինչպէս որ հարկ է
Ու դառնամ «նորմալ»…

– «Հայաստանի անկախութեան անակնկալ իրադարձութիւնը առիթ ընծայեց աննախընթաց շփումներու սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ: Որպէս հզօր եւ անկործանելի ամբարտակ մը յանկարծ հրաշալիօրէն փլած ըլլար երկու ծովերու միջեւ` արձակելով զանգուածային եւ վայրագ երկու կողմանի ջրխուժում մը ծովէ ծով: Լեզուներու, գաղափարներու, կեցուածքներու, մտածելակերպերու, կենցաղներու բախումը, որ յառաջացաւ այս ջրխառնուրդին հետ, եզակի երեւոյթ էր հայ իրականութեան մէջ, որ բարեբախտաբար տակաւին կը շարունակուի: Բոլոր անոնք, որոնք այդ հոսանքին մէջ նետուեցան, հարստացան թէ՛ հոգիով եւ թէ՛ մտքով»:

Այսպէս նկարագրեց 20-րդ դարու վերջին, հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն անկիւնադարձային եղելութիւնը, Վահան Զանոյեան, երբ վերջերս Պէյրութի իր պանդոկին մէջ հանդիպեցանք ու ձայնագրիչին յանձնեցինք իր միտքերը, խոհերը:

Հանրաճանաչ մտաւորականը, բանաստեղծն ու հայրենասէրը, որուն կեանքի դեգերումները, որպէս արծուեբոյն Մուսա Լերան հերոսներու շառաւիղը, ինք տարած են Այնճարէն` Պէյրութ, Ուաշինկթըն, Ֆիլատելֆիա, Պահրէյն, Լոզան, «առանձնատուն դղեակ» մըն ալ կառուցելու Հայաստանի գեղատեսիլ ու հինաւուրց Վայոց Ձորի բլուրներէն մէկուն գագաթը…: Որպէս քարիւղի հարցերու հմուտ մասնագէտ ու խորհրդատու` Փի. Էֆ. Սի. էներճի ինթըրնէշընըլի մէջ: Այս բոլորին մէջ, Վահան Զանոյեան միաւորած է արեւմտահայերէնը եւ արեւելահայերէնը:

– «Նկատի առած Հայաստանի ներկայ դերը համայն հայութեան կեանքին մէջ` մեր երկու աշխարհաբար լեզուներու միջեւ նոր թափ առած շփումը, պատմական շատ կարեւոր երեւոյթ մըն է, որուն ամբողջական գնահատականը ընելու տակաւին ի վիճակի չենք այսօր: Ճանչնալով եւ ընդունելով այս երեւոյթը` ժողովածուն կ՛ընդգրկէ թէ՛ արեւելահայերէնով եւ թէ՛ արեւմտահայերէնով գրուած բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս կը տեսնեն միաժամանակ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ եւ ներկայ Հայաստանի որդեգրած ուղղագրութեամբ: Կան նաեւ լեզուական եւ ոճային դիտումնաւոր ձուլումներ` երկու լեզուներուն միջեւ:

Որպէս ազատամիտ, ժողովրդավար, խոհուն մտաւորական` Վահան Զանոյեան շատ լաւ կը հասկնայ, թէ այսօր հայ ժողովուրդը կը դիմակայէ վտանգաւոր մարտահրաւէրներ ու գոյատեւելու եւ բարգաւաճելու միակ ուղին միաբանութիւնն է: Մեր հարցազրոյցի ընթացքին, ան կոչ ըրաւ ձերբազատուելու հինցած, խաւարամիտ «աւանդոյթ»-ներէն ու բաց աչքերով նայիլ իրականութեան ու մտածելու հայ ժողովուրդի վաղուան մասին, երբ գոյութիւն ունեցող երկու բարբառները մեր հարստութիւնն են եւ ոչ թէ բաժանելու ծրագիր:

Ծրագիրներ ունենալով ժապաւէն մըն ալ նկարահանելու, որ պիտի ներկայացնէ կեանքի բազմաթիւ փորձութիւններ անցած լրագրողի մը կեանքը, որ նոյնինքն հայ ժողովուրդի ոդիսականն է:

Այս է եղել իմ ինքնակառոյց հայրենիքն անմահ: Այս եմ ապրեցրել իմ հոգու սիրով ու իմ հոգու մէջ ես էլ իմ կարգին նրանով ապրել, պաշտպանուել իր մէջ… հաւատացել եմ, որ այս է ապրել, երբ չկա՛ր երկիր, երբ չկար բանակ, չկար պետութիւն ու չկար աստուած…:

Բարի վերադարձ ու «կանաչ ճանապարհ» կը մաղթենք Վահան Զանոյեանին:

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Պէյրութ

Նախորդը

«ՏՈՒՆ ԵՄ ԳՆՈՒՄ»

Յաջորդը

ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆԻ ՀԵՏ. ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԱՐԵԳ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ «ՅՈՅՍԻ ԾԱՌԸ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։