ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Յառաջիկայ կիրակի, 26 մայիս 2019-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ եւ ապա Անկախութեան յուշակոթողին առջեւ պիտի կատարուի հանդիսաւոր հոգեհանգիստ` Սարդարապատի ճակատամարտին իրենց կեանքը զոհաբերած քաջարի հերոսներու յիշատակին:
Եկեղեցական արարողութեանց պիտի հանդիսապետէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ հանդիսութիւն` Ս. աթոռոյս վեհափառ հայրապետին անուանակոչութեան առիթով:
Սիրով կը հրաւիրուի հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան, աղօթելու Սարդարապատի հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան համար եւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԼԵՒՈՆ ՃԵՐՄԱԿԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 26 մայիս 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍԻՄԱ ՇԱՆՆԱՔԵԱՆ-ՔԻՒՍՊԷՔԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 26 մայիս 2019-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 26 մայիս 2019-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————-
Հովանաւորութեամբ`
ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին
Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը
Հաճոյքն ունի Ձեզ հրաւիրելու`
ՀԵԸ Անդրանիկի նորակառոյց մարզադաշտին բացման առիթով
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ
Մասնակցութեամբ`
ՀԵԸ-ի շեփորախումբին, սկաուտական, մարզական, երիտասարդական եւ մշակութային միաւորներուն:
Շաբաթ, 25 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ֆութպոլի մարզադաշտին մէջ, Նաքքաշ:
ԾԱՆՕԹ.- Հանրութեան ընդունելութիւն` ժամը 5:00-էն սկսեալ:
Կառատունը ապահովուած` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի յարակից շրջաններուն մէջ:
————————————-
ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
ՏԱՐԵԿԱՆ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հասոյթը պիտի յատկացուի կարիքաւորներու բժշկական ծախսերուն
Պարգեւ` 2 օդանաւային տոմս Պէյրութ-Երեւան Պէյրութ
«Credit Libanais» դրամատան կապուած
HERMES Tourism & Travel ճամբորդական գրասենեակէն:
Տոմսերը կարելի է ստանալ «Ճինիշեան» կեդրոնէն:
Հեռաձայն` 01-261008 / 257890, 03-132843
————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՔԱՊԻՆ
«Holiday Beach», տուշով:
Հեռ. 03-759571:
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ» ԿՈՄԻՏԷ
ՆԵՐՍԻԿ ԵՒ ԱՐԱԲՕ ԻՍՊԻՐԵԱՆՆԵՐ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
1 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԱՐՄԻՍ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳ
ԿԻՐԱԿԻ, 2 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ 2019
8 ԵՒ 9 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
– ԸՆԹՐԻՔ-
8 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳՈՒՍԱՆ» ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ