Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ ՄՕՏ Է

December 20, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուելու հաւանականութեան մղձաւանջը թուրք պաշտօնատարները կը մղէ իրերայաջորդ յայտարարութիւններ կատարելու: Եւ ահա իր քրէական օրէնսգիրքին մէջ տխրահռչակ 301-րդ յօդուածը ունեցող երկրի արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կը զգուշացնէ, որ այդ օրինագիծի որդեգրումը Ֆրանսայի մէջ խօսքի ազատութիւնը պիտի վտանգէ:

Աւելի՛ն. Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը միջպետական յարաբերութեանց հիմնական սկզբունքներէն մէկը կոպիտ կերպով խախտելով` Ֆրանսայի իշխանութիւններուն դէմ բացայայտ գրգռութիւն կը կատարէ` յայտարարելով, որ «նախ եւ առաջ ատոր (օրինագիծին) դէմ պէտք է արտայայտուի Ֆրանսայի հասարակութիւնը, որ պէտք է բողոքէ ազատութիւնը սահմանափակել ուզողներուն դէմ: Քաղաքացիական հասարակութիւնը պէտք է միջոցներու ձեռնարկէ»:

Մինչ Էրտողան օրինագիծը որդեգրելու քայլին ծանր հետեւանքներէն կը զգուշացնէր եւ «ատոր պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ այդ քայլին նախաձեռնողներուն» ուսերուն կը բեռցնէր, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի թուրք նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու այդ ընդհանրական պատասխանատուութիւնը անխոհեմ կերպով սահմանափակեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի անձով:

Հինգշաբթի օր Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ նշեալ օրինագիծին որդեգրման պարագային, Սարքոզի Չաւուշօղլուի շնորհիւ ֆրանսահայ քուէարկողներուն մօտ յաւելեալ կէտեր պիտի ապահովէ: Աւելի՛ն. եթէ ան Չաւուշօղլուի պնդումին համաձայն, իրապէս փոխան Ֆրանսայի շահերուն «իր կուսակցութեան նեղ շահերուն մասին» կը մտածէ, ապա Էրտողանի եւ Չաւուշօղլուի արտայայտած կեցուածքները աւելի Սարքոզիի նախագահական թեկնածութեան զօրակցութիւն են, քան` Թուրքիոյ շահերուն, որովհետեւ Սարքոզի այժմ իր երեւանեան խոստումը կատարելու համար յաւելեալ խթան ունի:

Յամենայն դէպս, ճշմարտութեան պահը մօտ է: 22 դեկտեմբերին ֆրանսական վարչակազմը երեւանեան յստակ կեցուածք մը յայտարարելէ եւ Անգարայի մէջ անկէ նահանջելէ ետք, ի վերջոյ, գործնական եւ աներկբայ կերպով պիտի արտայայտէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու օրինագիծին վերաբերեալ իր իսկական կեցուածքը:

 

Նախորդը

«ՊՕՂՈՍԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»-Ը ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿ

Յաջորդը

ԼԻՊԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.