Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեան, յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին դիմեց դատախազութեան` Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարարին դէմ քրէական գործ յարուցելու պահանջով:
«Յարգելինե՛ր. Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, նախարարի պաշտօնակատար Գ. Ղազարեանին տուած մամլոյ ասուլիսէն յստակ դարձաւ, որ վերջինս չ՛ուզեր կատարել դատարանի որոշումին եւ օրէնքին պահանջները, ինչ որ ենթադրել կու տայ քրէական օրէնսգիրքով նախատեսուած` նախարարութեան պատասխանատուութիւնը:
«Ասկէ մեկնելով, կը դիմենք Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազին, որպէսզի քրէական գործ յարուցէ նախարարի պաշտօնակատար անձին կողմէ դատական որոշումը դիտումնաւոր կերպով չգործադրելու համար», ըսաւ Գէորգեան:
Նշենք, որ նախարարութիւնը կասեցուց Կռփամարտի ֆետերասիոնին ֆինանսաւորումը: