Սպանական, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու մարզական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ չինական ակումբ մը 120 միլիոն եւրօ կ՛առաջարկէ Ռէալ Մատրիտի կալեսցի միջնապահ Կերըթ Պէյլի փոխանցման համար:
Ցարդ անանուն ակումբը նաեւ պատրաստ է 29 տարեկան ֆութպոլիստին տարեկան 30 միլիոն եւրոյի աշխատավարձ վճարելու:
Ինչպէս ծանօթ է, Զինետին Զիտանի Ռէալ Մատրիտի մարզիչ վերանշանակումը Պէյլը դարձուց պահեստի մարզիկ: Ֆրանսացի Զիտան յստակօրէն ըսաւ, թէ յառաջիկայ տարեշրջանին գծով իր ծրագիրներուն մէջ նկատի չունի Պէյլը:
Այլ տեղեկութեան մը համաձայն, Պէյլ շատ հաւանաբար վերադառնայ «Փրեմիեր-լիկ»` նկատի ունենալով, որ անոր նախկին ակումբը` Թոթենհամ, մէկ տարուան համար կ՛ուզէ Ռէալ Մատրիտէն փոխ առնել ֆութպոլիստը` անոր ակումբին վճարելով 11 միլիոն եւրօ: