Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Նիստին ընթացքին պլոքը անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը բարեկարգումի լուրջ քայլեր որդեգրէ` երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապին չափ ու սահման ճշդելու, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու նպատակով:
Պլոքի նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ պահանջուեցաւ նաեւ, որ այս իմաստով դրամատուները իրենց ազգային պատասխանատուութիւնը ստանձնեն:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը պահանջեց լիբանանեան պետութեան հաշիւները ստուգել եւ չբաւարարուիլ միայն 2017-ի յստակ թիւերով, այլեւ` վերադառնալ 1997-ի հաշիւներուն եւ վերստուգել զանոնք:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը իսլամները շնորհաւորեց ռամատանի առիթով եւ կոչ ուղղեց անոնց համախոհութիւն գոյացնելու ու ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու: