Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՀԵԳՆԱԿԱՆ ՓՈՐՁ ՄԸ

December 19, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թրքական լաւատեղեակ աղբիւրներ լիբանանեան «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնած են, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անձնական մակարդակի վրայ աշխատանք կը տանի կազմակերպելու համար Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան խորագիրով խորհրդաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ Պոլիսոյ մէջ:

Թրքական այս խորհրդաժողովի կազմակերպման Տաւութօղլուի անմիջական մասնակցութիւնը թրքական իշխանութիւններուն այդ ծրագիրին ընծայած կարեւորութեան մասին կը վկայէ:

Աղբիւրները իբրեւ խորհրդաժողովի նպատակ կը նշեն սուրիական վարչակարգի տապալման պարագային Սուրիոյ մէջ համայնքային բախումներու վտանգի պատրուակի, ինչպէս նաեւ արեւմտեան պետութեանց ձեռամբ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ապագային սպառնացող վտանգի ահազանգման չէզոքացումը: Թրքական աղբիւրները նաեւ կը յայտնեն, որ այս քայլին դիմուած է նկատի ունենալով, որ քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի հասարակութեան մէջ հիմնական բաղադրիչ տարր եւ մշակութային ու կրօնական բազմազանութեան երաշխիք են:

Սակայն խորհրդաժողովի կազմակերպումը, թրքական վերոնշեալ աղբիւրներուն վկայութեամբ իսկ, քրիստոնեաներուն վերաբերող շրջանային քաղաքականութեան մը առաջին քայլն է, ուստի կարելի չէ զայն սուրիական վարչակարգը տապալելու կամ Սուրիոյ մէջ «ապահովական գօտի» ստեղծելու թրքական մտադրութեամբ սահմանափակել: Անիկա շատ աւելի լայն տարողութեան ծրագիր մըն է, որ Իրաքէն մինչեւ Եգիպտոս կ՛երկարի:

Քաղաքականութեան մէջ զուգադիպութիւններ գոյութիւն չունին, ուստի խորհրդաժողովի գումարման իբրեւ վայր Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ ընտրութիւնը պատահական չէ, այլ` դիտաւորեալ եւ բարացուցական: Այդ նշանակալից քայլը կու գայ վկայելու, թէ այս ծրագիրը Անգարայի նոր օսմանական երազներուն իրականացման համար կէտեր ապահովելու նպատակը կը հետապնդէ:

Թուրքիա այդ խորհրդանշական քաղաքին մէջ նշեալ նիւթով խորհրդաժողով մը կազմակերպելու ճամբով կը փորձէ Միջին Արեւելքի մէջ տարբեր համայնքներու խաղաղ գոյակցութեան երաշխաւորի դերը ստանձնել: Այլ հարց, թէ օսմանեան բռնատիրութեան «բարիքները» ճաշակած շրջանի քրիստոնեաները թրքական երաշխիքներէն ինչպիսի՛ «բարիքներ» կրնան ակնկալել: Այս առումով գայլը ոչխարներուն պահապան նշանակելու մասին առակը կրնայ ոմանց պարագային բաւարար զգուշացում մը ըլլալ, իսկ միամիտներուն համար` մարգարէաշունչ գրութիւն մը:

Այս լուրին շրջանառութեան մէջ դրուելէն հազիւ քանի մը օր առաջ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց կրօններու ազատութեան մասին թիւ 306 բանաձեւը, որ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ հայկական եւ քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիները իրենց պատմական իրաւատէրերուն վերադարձնելու, անոնց մէջ հոգեւոր արարողութիւններ կատարելը թոյլատրելու եւ կրօնական խտրականութիւնները վերցնելու: Անգարա բանաձեւին հակազդեց` պնդելով, որ Թուրքիոյ մէջ խտրականութիւն չկայ:

Հեգնական է, որ իր երկրին մէջ քրիստոնէական փոքրամասնութեանց նկատմամբ այդպիսի երկարատեւ եւ շարունակուող  քաղաքականութեան մը տէր Թուրքիան, այժմ կը փորձէ  իբրեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ապագայով մտահոգ եւ շրջանին համար անոնց մշակութային ու կրօնական արժէքը գնահատող պետութիւն մը ներկայանալ:

 

 

 

Նախորդը

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ` Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒ

Յաջորդը

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ ՄԸ ԻՐԱՆԸ ՄԵՂՍԱԿԻՑ ԿԸ ՆԿԱՏԷ 11 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.