Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը:
Նիստէն ետք Քանաան շեշտեց, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը կը պահանջէ պետական ամավարկի բարեկարգումները ուղղակիօրէն կապել տնտեսական բարեկարգումներուն:
Ան նշեց, որ համախմբումը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ Լիբանանի արդիւնաբերութիւնը հետզհետէ աճ արձանագրէ` աւելցնելով, որ պետական ամավարկը պէտք է նկատի առնէ տնտեսական տեսակէտն ու արձանագրուելիք աճը:
«Կ՛ուղղուինք դէպի ելեւմտական եւ տնտեսական բարեկարգում, իսկ ոչ ոք կը փափաքի պաշտօնեաներն ու զինուորականները թիրախ դարձնել», ըսաւ ան: