Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԵՒ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԷՏՆԵՐ. ՉԵՌՆՈՊԻԼ` ԻՄ ՆԱԽՆԱԴԱՐԵԱՆ, ԶԵՂՈՒՆ, ՇՈՂԱՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵԴԵՄՍ (Բ.)

March 25, 2011
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃԱՓՈՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԷՆ ԵՏՔ ՖՈՒՔՈՒՇԻՄԱՅԻ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄԽԱԼ, ԵՒ ՇՈՂԱՎԱՐԿԱՈՒԱԾ ՍՆՆԴԵՂԷՆԻ ՈՒ ՋՈՒՐԻ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԱՐԴԷՆ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻՆ: ՍԱԿԱՅՆ 25 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ՉԵՌՆՈՊԻԼԻ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ԱՂԷՏԸ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԿՈՐԾԱՆԱՐԱՐ ԷՐ ԻՐ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ: ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ԹԻՒՈՎ ՏՈՒԱԾ ԷԻՆՔ outsideonline.com ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ ՀԵՆՐԻ ՇԱՔՄԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԸ, ՈՐ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷՐ ՉԵՌՆՈՊԻԼԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՔԱՅՔԱՅՈՒՄԷՆ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐՄԱՆԱՀՐԱՇ ԱՇԽԱՐՀԸ: ՍՏՈՐԵՒ` ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՍԸ, ՈՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՈՃՈՎ ԵՒ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ԴԷՊԻ ԱՂԷՏԻՆ ՎԱՅՐԸ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ՄԱՍԻՆ, ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ` ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՅՆՊԻՍԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ՈՐՈՆՔ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԵՆ ՇՈՂԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԴԻՄԱԴՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

Չեռնոպիլի հիւլէական կայանին «վիմադամբանը»:

Ուքրանիոյ մէջ ճամբորդութիւն մը համազօր է հաւաքոյթի: Ուքրանացիք կը նախընտրեն զրուցել դոյլ մը վոտքայի եւ սնտուկ մը ծխախոտի ընկերակցութեամբ:

 

Երկրորդ օրն է, որ կը գտնուինք Չեռնոպիլ եւ ահա նստած ենք շարժական սեղանի մը շուրջ, լայնատարած թթենիի մը շուքին, Իվան Նիքոլայեւիչի տան դալարագեղ պարտէզին մէջ: Օրէնքի համաձայն, ոչ ոք պէտք է բնակի այստեղ: Սակայն աղէտէն քանի մը ամիս ետք Նիքոլայեւիչի նման հարիւրաւոր մշակներ իրենց ընտանիքներուն հետ վերադարձան իրենց պապենական տուները եւ այնուհետեւ անձայն եւ անշշուկ կ՛ապրին պետութեան թոյլատուութեամբ եւ յայտնապէս` առանց առողջական որեւէ արտասովոր տագնապի:

ԿՈԿՈԼԷՆ ԷՋ ՄԸ

Կը գտնուինք Ուփաչիչ գիւղին մէջ, արգիլեալ գօտիին խորերը: Իվան հագած է անթեւ շապիկ մը` մէկ կոճակով, եւ աշխատանքի մէջ մաշած տաբատ մը: Կը նմանի վերջին քանի մը դարերէն եկած մարդու մը: Նոր հնձած է իր յարդը եւ դիզած է այնպիսի ձեւով, զոր պիտի փափաքէին գծել Մոնէն կամ Վան Կոկը: Անոր զաւակը` Իվան Իվանովիչ, կ՛օգնէ աշխատանքին. ունի ձեւագծուած մօրուք մը եւ կը կրէ ժամացոյց մը, ինչ որ զայն պիտի տեղադրէր վերջին քանի մը տասնամեակներուն մէջ: Երկուքը տակաւին քրտնած են եւ կարմրած` իրենց աշխատանքէն: Ներկայ է նաեւ կրտսեր Իվանին մայրը` Տաշան, որ կը կրէ անյիշելի ժամանակներէ ռուսական լաչակ մը եւ լայն ու խելացի ժպիտ մը:

Կը թուի, թէ մուտք գործած ենք ոչ թէ տուն մը, այլ` Կոկոլի մէկ պատմութեան մէջ: Եգիպտացորենի կոներ կախուած են` չորնալու համար: Ներսը կայ մեծ փուռ մը եւ անոր վրայ` դարանի պէս բան մը, ուր կը քնանան ձմեռը: Գետնախնձորով լեցուն դոյլեր շարուած են գետինը, հատիկներ կան` հաւերուն համար, եւ կայ աւազան մը, ուր ջուր կը լեցուի մօտակայ հորէն:

Իվան կրտսերը կը սրբէ սեղանը եւ զայն օրաթերթերով կը ծածկէ` սպասարկելու համար ուտելիքները. հաւկիթ` մեր ոտքերուն շուրջ ածող հաւերէն, լոլիկ` պարտէզէն, հաց, խորունկ աման մը լեցուն հատապտուղներ` անտառէն, չորցուած ձուկ մը` գետէն: Բոլորը տեղական արտադրութիւններ են, հրաշալի տեսք ունին, սակայն ամէնէն աւելի փորձութեան կը մատնեն մեր գլխուն վերեւ կախուած երկարաւուն թութերը. հաւկթաձեւ լայն տերեւներուն միջեւ անոնց իւրայատուկ աճը անդիմադրելի կը դարձնէ զանոնք: Կը տենչամ ձեռքս երկարել եւ քաղել հատ մը, սակայն անոնք կը վախցնեն զիս: Միայն 1.5 քմ հեռու կը գտնուինք հիւլէական կայանէն:

«Ինչ կ՛ուզես` ըրէ, միայն մի՛ ուտեր բան մը, որ հոն աճած է», խորհուրդ տուած էին բարեկամներս` նախքան այստեղ գալս:

Երէց Իվանը տունէն դուրս կու գայ` թափանցիկ հեղուկով լեցուն սափոր մը բռնած իր դողդոջուն ձեռքով:

«Վոտքա՛», կը յայտարարէ մէկը անհամբեր:

Կը մտածեմ, թէ շուկայէն բերուած ըլլալու է, հետեւաբար ապահով է:

«Ո՛չ, ո՛չ, սամոկոն է,- կը բացատրէ Սերգէյ` պլպլացող աչքերով դիտելով սափորը:- Վոտքայէն աւելի լաւ է»:

«Սամոկո՞ն»:

«Տունը շինուած է»:

Սակայն նախքան հարց տալս, թէ արդեօք ապահո՞վ է զայն խմելը, արդէն կենացներ կը խմենք եւ զգուշութեամբ ումպ մը կուլ կու տամ:

Սերգէյ կը սկսի բացատրել գիւղական կեանքի առաւելութիւնները: «Երբ կ՛ուզես գործ հիմնել եւ կապեր հաստատել, կ՛ապրիս քաղաքին մէջ: Սակայն այստեղ ուտելիքը բնական է, օրինակ` սամոկոնը: Օգտակար է»:

Այնքան ալ հաւատալի չէ, սակայն Իվան երէցը զիս կը պտտցնէ իր պարտէզը: Կ՛ուզէ` տեսնեմ, թէ ո՛ւր կ՛աճին իր լոլիկները, խաղողն ու բանջարեղէնը, ցոյց կու տայ, թէ ո՛ւր է արմատը իր բուժիչ վոտքային: Երերալով եւ հոգոցներ արձակելով` ան արմատախիլ կ՛ընէ ճինսենկի փոքրիկ թուփը եւ զայն կը տանի լուալու աւազանին մէջ:

Քանի մը գաւաթ եւս սամոկոն կուլ տալէ ետք վախերս փարատած են եւ միւսներուն պէս կը սկսիմ ճաշակել ուտելիքները: Ձուկը այնքա՛ն աղի է, որ աչքերս կ՛այրին: Շուտով ձեռքերս «արիւնլուայ» են թթենիներուն հիւթով: Թռչուն մը կը սկսի երգել, արեւու շերտեր կը շրջին վերը: Յարդը ներս փոխադրուած է, խոզ մը կը կերակրուի Զատկուան տօնին համար, վարսակը պատրաստ է մանգաղին հարուածին: Եթէ գեղջկական, անժամանցելի, հարբեցած կեանքը այս չէ, հապա ի՞նչ է:

Չեռնոպիլի մէջ գրեթէ ամէն ոք ցոյց կու տայ շողարձակումով լեցուն վայրի մը մէջ բնակելու յատուկ քաջութիւն մը, որ նախատեսելի է:

«Շողարձակումը օգտակար է,- կ՛ըսէ մէկը: «Ամէն տարի աւելի կ՛երիտասարդանամ», կ՛ըսէ ուրիշ մը: «Այստեղ կ՛աշխատիմ, որպէսզի, երբ տուն վերադառնամ ճառագայթող դէմքով, կինս մտածէ, թէ աստուած մըն եմ», կ՛ըսէ երրորդ մը:

Շէնքի մը մաքրութեան եռանդուն մէկ պատասխանատուն ինծի կը հարցնէ. «Քանի՞տարեկան կու տաս ինծի»:

«Վաթսուն», կը պատասխանէ ինքն իրեն: Անհեթեթ պատասխան մը, որովհետեւ հազիւ 30 տարեկան ցոյց կու տայ:

Շողավարակումի դէմ լաւագոյն դե՞ղը. «Շիշ մը վոտքա»:

ՇՈՂԱՐՁԱԿ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

Սակայն շողարձակումը կը վախցնէ, մասնաւորաբար այն պատճառով, որ մեր զգայարաններով չենք կրնար ճանչնալ անոր գոյութիւնը: Եթէ թմրած ես եւ քիմիական համ մը կայ բերանիդ մէջ, ահա հաւանաբար շողավարակումի ախտանշաններ կը զգաս: Եթէ կրնաս շողարձակումը տեսնել իբրեւ ելեկտրականացած արնագոյն օդի հոսանք մը, կամ, աւելի վատ, զայն զգալ վայրկեանին այրող ջերմութեամբ մը, ապա հաւանաբար արդէն ուշ է:

Այսուհանդերձ, շողարձակումը կեանքի իրականութիւն մըն է: Բոլորս կ՛ապրինք շողարձակումի տեւական տարափի մը տակ. արեւային շողարձակում, երկրային շողարձակում, նոյնիսկ` սննդեղէնի մէջ շողարձակում, որովհետեւ մեր ուտելիքները կը բաղկանան ժամանակին ապրած բաներէ: Երկրային շողարձակումին միջինը ժամական 3 մայքրոռեմ է: Սակայն աշխարհի կարգ մը վայրերուն մէջ անիկա կը հասնի ժամական 100 մայքրոռեմի եւ` առանց ծանր անդրադարձներու: Իրօք, որոշ ապացոյցներու համաձայն, քաղցկեղի համեմատութիւնները աւելի նուազ են նման վայրերու մէջ. թերեւս թեթեւ ճնշում մը կը նպաստէ մարդկային մարմնին դիմադրողականութեան զօրացումին:

Դժուար է ճշդել շողարձակումի այն չափը, որ վտանգ կը սպառնայ: Աշխարհի տարածքին բազմաթիւ վայրերու մէջ օրական շողարձակումներու տարեկան գումարը կը հասնի 360 միլլիռեմի: Գիտնականներու համաձայն, մարդ արարածը կրնայ ապահով կերպով դիմագրաւել տարեկան մինչեւ 1000 միլլիռեմ շողարձակում: Միջազգային անջրպետակայանին մէջ անջրպետագնացներ 6 ամսուան ընթացքին կ՛ենթարկուին18 հազար միլլիռեմ տիեզերական շողարձակումի: Սակայն ասիկա կեանքի մէջ մէկ անգամ պատահող բան մըն է, հետեւաբար, ընդունելի է, երբ կամաւոր կերպով անձ մը ինքզինք կ՛ենթարկէ նման վտանգի: Իսկ, երբ գումարը նոյն ժամանակամիջոցին կը հասնի 30 հազար միլլիռեմի, արդէն գիտենք, թէ ինչպէ՛ս այս պատճառով բարձրացած են քաղցկեղի համեմատութիւնները Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի հիւլէական ռմբակոծումներէն վերապրողներուն քով: Այսուհանդերձ, անասունները աւելի զօրաւոր դիմադրողականութիւն ունին շողարձակումի բարձր համեմատութիւններու դէմ. մարմնեղ ստնաւորներն ու թռչունները ընդհանրապէս չեն ազդուիր տարեկան մինչեւ 36 հազար միլլիռեմի հասնող շողարձակումներէ: Աւելի փոքր մարմնով ստնաւորները կրնան դիմանալ նոյնիսկ աւելի բարձր չափի շողարձակումներու, իսկ սողունները` շատ աւելի բարձր: Որքան բարդ ըլլայ անասունի մը կազմուածքը, անիկա այնքան աւելի զգայուն կը դառնայ շողարձակումի նկատմամբ:

Հիւլէական ուժը կը պարունակէ շողավարակ տարբեր նիւթեր: Ոմանք կը գտնուին օդին մէջ եւ կը կոչուին ալֆա մասնիկներ. անոնք չեն կրնար օդէն թափանցել մորթէն ներս, սակայն ուտելիքի ճամբով մուտք կը գործեն մեր մարմնին մէջ, իրենց ուժը ի գործ կը դնեն փոքր կէտի մը վրայ, այնքան փոքր, որ կը հարուածեն ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջները, ինչ որ կը դառնայ քաղցկեղի հաւանական պատճառ: Պեթա կոչուած մասնիկները կրնան օդին մէջ ճամբորդել մինչեւ 6 մեթր բարձրութեամբ եւ թափանցել մորթին մէջ, թէեւ չեն կրնար դուրսէն թափանցելով հասնիլ ներքին գործարաններուն: Կամա ճառագայթները հիմնականին մէջ Քէ. ճառագայթներ են. անոնք իրենց ուժգնութեան համաձայն, առաւել կամ նուազ չափով կրնան թափանցել մարմնին մէջ:

Շողարձակումով լեցուն վայրի մը մէջ բնակիլը յատուկ քաջութիւն կ՛ենթադրէ:

Շողարձակ նիւթերուն կեանքը եւս կը տարուբերի: Երբ մասնիկի մը քիմիական բաղադրութիւնը երկար կեանք ունի, կը նշանակէ, թէ անիկա շողարձակ կը մնայ շատ աւելի երկար ժամանակ, սակայն շատ աւելի դանդաղ կը շողարձակուի: Շողարձակ այոտինը իր ուժգնութեան կէսը կը կորսնցնէ մէկ շաբաթէն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ շատ կարճ ժամանակի մէջ կը տարածէ իր շողարձակումները: Խորհրդային իշխանութիւնները այս առումով եւս անպատասխանատու էին, երբ կ՛ուշացնէին Չեռնոպիլի աղէտին յայտարարութիւնը, որուն պատճառով մարդիկ այոտինիով շողավարակուած սննդեղէն սպառեցին պայթումին յաջորդած առաջին օրերուն:

 

Մեր ամբողջ ուղեւորութեան ընթացքին Սերգէյ կը կրկնէ, թէ ինք շատ առողջ է` հակառակ արգիլեալ գօտիին մէջ իր տասը տարուան կեանքին: Միայն մեր ուղեւորութեան աւարտին է, որ ան կ՛ըսէ, թէ այլեւս չի կրնար վազել, որովհետեւ ոտքերը կը ցաւին: «Շատ սթրոնցքի ունիմ», կ՛ըսէ ան` ակնարկելով շողարձակ սթրոնթիում մասնիկին: Սակայն Սերգէյ առողջ կը զգայ, որովհետեւ այս նիւթը տակաւին չէ թափանցած իր ոսկորներուն մէջ: Գէթ` ոչ առայժմ:

Աշխատաւոր մը կ՛ըսէ, թէ ոչինչ կը խմէ այստեղ, ոչ իսկ` գարեջուր:

«Հապա շողարձակո՞ւմը», հարց կու տամ:

«Կեանքը ինքնին վտանգներով լեցուն է, բարեկամս», կ՛ըսէ ան ուսերը թօթուելով:

ԾԱՂԿՈՒՄ, ԾԻՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ, ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Ամբողջական կործանումէն անդին կեանքը թերեւս այնքան ալ հոյակապ չէ մարդկութեան համար, սակայն երկրագունդի այլ արարածներուն համար ասիկա ծաղկումի շրջան մըն է: Այսօր Չեռնոպիլի արգիլեալ գօտիին մէջ կ՛ապրին շուրջ 5000 չափահաս վարազներ: 1995-ին անոնք շատ  շատ աւելի էին, սակայն համաճարակ մը կրճատած է անոնց թիւը, որ այժմ կայուն դարձած է: Հոն կը թափառին շուրջ 180 չափահաս գայլերու 25-30 վոհմակներ, բազմաթիւ լուսաններ, աղուէսներ, իշղարներ (պաճըր), հարիւրաւոր կարմիր եղնիկներ, հազարաւոր այծեմիկներ (ռօ տիր) եւ այծեղջիւրներ: Աղէտէն ծնունդ կ՛առնէ վայրի բնաշխարհի դրախտ մը: Եդեմական պարտէզը կը վերածնի:

Սակայն ընթացքը այնքան ալ պարզ չէ:

Շուրջ 17 տարի կենսաբան Իկոր Չիժեւսքի կ՛ուսումնասիրէ անասուններու կողմէ շողարձակ նիւթերու ընկալումը: Ան կ՛աշխատի Չեռնոպիլի Շողարձակումի-միջավայրի կեդրոնին մէջ: Աւելի քան մէկ ժամ անշարժ նստած` սլաւական իր մելամաղձոտ ձայնով կը պատմէ, թէ իրականութեան մէջ անասուններուն ի՛նչ կը պատահի այստեղ:

Երբ մարդիկ հեռացան Չեռնոպիլէն` իրենց հետ տանելով 135 հազար հաշուող նախիր մը, շրջանը լքեցին նաեւ անոնց շուրջ ապրող աղաւնիները, ծիծեռնակները, առնէտները, առիթ տալով, որ վայրի բնութիւնը վերահաստատէ ինքզինք, կը բացատրէ Իկոր:

«Կենդանական համակարգին ամբողջ կառոյցը կը փոխուի», կ՛ըսէ ան:

Տնային մուկեր, որոնք կը սնանէին այժմ անհետացած ընդեղէնի տեսակներով, փոխարինուած են դաշտային եւ անտառային մուկերով: Նոյնպիսի փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած է թռչնազգիներուն քով: Սակայն մենք ամէնէն աւելի հետաքրքրուած ենք մարմնեղ ստնաւորներով:

Երեւութապէս անոնք կը բազմանան: Սակայն անոնց մուշտակին եւ մորթին տակ ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջները անկայուն դարձած են, կ՛ըսէ Իկոր: Անոնք մեծ քանակութեամբ շողավարակ ուտելիք սպառած են: Թէեւ առողջ տեսք ունին, սակայն իւրաքանչիւր սերունդի ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներուն մակարդակը սկսած է տարբերիլ: Անդրադարձները մեծ մասամբ անտեսանելի են, թէեւ սկսած են որոշ երեւոյթներ ի յայտ գալ: Թռչուններու ամբողջ երամներ անգոյն են, անոնց 20 առ հարիւրին փետուրները անհամաչափ են եւ քաղցկեղի համեմատութիւնները բարձր են անոնց քով: Մուկերու որոշ տեսակներ դիմադրողականութիւն մը զարգացուցած են շողավարակումի դէմ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք զարգացուցած են փճացած բջիջները վերանորոգող այնպիսի դրութիւններ, որոնք ժառանգաբար կը փոխանցուին: Չեռնոպիլի աղէտէն ետք շողավարակ մասնիկներով ծածկուած կոնաբեր կանաչ ծառերու ամբողջ անտառ մը կարմիրի փոխուած է: Այս կարմիր անտառէն հունտեր իրենց միջավայրին մէջ իյնալով` սկսած են աճիլ ծինական անբնական երեւոյթներով. անոնք արտասովոր կերպով երկար ասեղներ ունին, ոմանք կ՛աճին թուփի մը պէս: Նոյնը պատահած է ցարասիներուն (պըրչ). անոնք աճած են խիտ փետուրներու նման տերեւներով, առանց տեսանելի կոճղի:

«Ծինական բջիջներու դասաւորումը աննախատեսելի է,- կ՛ըսէ Իկոր:- Անիկա կը տարբերի սերունդէ սերունդ»:

Ասիկա լաւ բան մը չէ անասնատեսակներու եւ բուսատեսակներու համար: Ծինական բջիջներու դասաւորումը ենթադրաբար անփոփոխ պէտք է մնայ: Անիկա հասարակաց տարրն է անասնատեսակի մը կամ բուսատեսակի մը: Ոչ ոք գիտէ, թէ այս փոփոխութիւններուն անդրադարձները ի՛նչ կրնան ըլլալ:

«Ուշ կամ կանուխ նոր տեսակներ պիտի եղափոխուին», կ՛ըսէ Իկոր:

Այլ խօսքով` նոր տեսակի անասուններ կրնան ծնիլ այստեղ: Տարածքը վերածուած է եղափոխութեան վայրի մը, «շատ արագ եղափոխութեան մը», ինչպէս կ՛ըսէ Իկոր, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ ի՛նչ բան ծնունդ պիտի առնէ եւ ե՛րբ:

Սերգէյ մեզ կ՛առաջնորդէ գիտաշխատանոց մը. հին բնակարան մը, որուն պատերուն տակ շարուած են ճերմակ մուկերով լեցուն վանդակներ: Գարշելի հոտ մը կը տիրէ:

«Այո, – կ՛ըսէ ճերմակ տարազով գիտաշխատող մը,- եւ տակաւին այս առաւօտ մաքրած ենք»:

Ան կը բացատրէ, թէ իր խումբը մուկերուն վրայ շողարձակումին ներգործութիւնը կ՛ուսումնասիրէ արգիլեալ տարածքին մէջ, որ վերածուած է տեսակ մը ապաստանի` շողարձակումի ուսումնասիրութեան համար, որովհետեւ արդէն ապականած է, հետեւաբար շողարձակումը տարածելու վտանգ գոյութիւն չունի:

Ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ մուկերը որոշ զգայնութիւն մը ունին շողարձակումի նկատմամբ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ որոշ ուռերու յայտնութեան, եւ ասիկա կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Սակայն անոնք նաեւ ի յայտ բերած են ժառանգաբար փոխանցուող դիմադրողականութիւն մը, որ թերեւս օր մը կրնայ օգտակար ըլլալ մարդկութեան:

Թէեւ Իվան ողջմիտ գիտնական մըն է, սակայն կը զարմացնէ, երբ կը հարցնեմ, թէ կրնա՞մ լուսանկարել զինք: Կը սկսի ջղային խնդալ եւ կը խոստովանի. «Կը վախնամ ամերիկացի քուրմերէն, որոնք կրնան վնաս պատճառել ինծի»: Յայտնապէս հնամեայ հաւատալիքներ տակաւին ժառանգաբար կը փոխանցուին այստեղ, նոյնիսկ` գիտաշխատանոցի մը մէջ: Ուքրանացիք բարդ ժողովուրդ մըն են. մասամբ` խորհրդային, մասամբ` զգայուն սլաւ, մասամբ` հողէն ապրող մշակ: Նոյնիսկ այս գիտաշխատանոցը իր փոքրիկ բանջարանոցը ունի մուտքին:

ԱՆՈՐՈՇ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ

Վերջին առաւօտը կ՛անցընենք Փրիփիաթի մէջ: Սերգէյ կը պատմէ, թէ անիկա ամէնէն ընդարձակ եւ գեղեցիկ քաղաքն էր, որ երբեւիցէ տեսած էր, եւ ուր որեւէ տեղէ աւելի վարդեր կ՛աճէին: Բնակիչները ոչ մէկ բանի պակասը ունէին: Համայնավարութեան իտէալը մարմնաւորող օրինակելի քաղաք մըն էր:

Ճնշիչ է այստեղ գտնուիլը: Մարդկային առումով` կը նմանի դիտելու մեզ սպասող ճակատագիրը: Օր մը կրնանք մենք մեզ բնաջնջել հիւլէական ողջակիզումով մը, բնածուխով կամ մեթանով, կամ` այլ ձեւով մը, որ տակաւին չենք կրնար պատկերացնել: Թերեւս բնութիւնը պիտի կործանէ մեզ: Երբ այս մէկը պատահի, ծառերը կրնան չազդուիլ: 2.5 միլիառ տարի առաջ ցպկային մարմիններ թունաւորեցին իրենց անմիջական մթնոլորտը` արտադրելով իրենց համար մեծապէս մահացու մեծ քանակութեամբ թթուածին, ինչ որ առիթ տուաւ աւելի բարձր մակարդակի կեանքի ձեւերու: Ով գիտէ, թէ ապագային ինչպիսի արարածներ պիտի յարմարին մթնոլորտին մէջ բնածուխի եւ մեթանի բարձր համեմատութիւններուն, եթէ շարունակենք մեր ներկայ ապրելաձեւը: Յայտնի չէ, թէ օր մը այդ արարածներուն մաս պիտի կազմե՞նք, թէ՞ ոչ:

Փրիփիաթէն կը քշենք Չեռնոպիլի հին ելեկտրակայանը: Թանձրաձոյլ կառոյցներու հսկայական տարածք մը, որուն մաս կը կազմէ ինքնին հիւլէական տաքութիւն արտադրող չորրորդ կեդրոնը, որ պայթած էր: Շուրջ 25 տարիէ ի վեր անիկա թաղուած կը մնայ թանձրաձոյլ շաղախէ «վիմադամբանի մը մէջ», սակայն կղպանքը այնքան ալ զօրաւոր չէ, եւ վտանգաւոր նիւթեր կ՛արտանետէ: Քանի մը վայրկեան միայն կը մնանք հոն: Նոր վիմադամբան մը սկսած է կառուցուիլ անոր շուրջ. երբ աւարտի, անիկա պիտի դառնայ աշխարհի ամէնէն հսկայական շարժական կառոյցը:

Ջրանցքներ կան կայանին վիթխարի շէնքերուն շուրջ: Անոնք ժամանակին հիւլէական ուժանիւթ արտադրող հնոցները զով պահելու ջուր կ՛ապահովէին: Այժմ սեւ եւ պեխաւոր մեծ չափի կատուաձուկեր կը խոյանան անոնց մէջէն եւ կը գալարուին` փնտռելով հացի կտորներ, զորս այցելուներ կը նետեն իրենց իբրեւ ուտելիք:

Անոնք մեծցած են ոչ թէ շողարձակումին պատճառով, այլ որովհետեւ 25 տարիէ ի վեր ոչ ոք կատուաձուկ կ՛որսայ, կը բացատրէ Սերգէյ:

Ամբողջ տարածքը այսպէս է. բեղմնաւոր եւ սարսափազդու:

(Շար. 2 եւ վերջ: Յապաւուած)

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 25 ՄԱՐՏ 1961 )

Յաջորդը

ԷՐՏՈՂԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒՆ, ՈՐ ՉՁՈՒԼՈՒԻՆ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.