Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Ատիկա Ո՛չ Ցեղասպանութիւն Է, Ո՛չ Ալ Մեծ Եղեռն»

April 30, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 27 ապրիլին իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ճամբարներէն մէկուն ընթացքին դարձեալ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ, իբրեւ ապրիլքսանչորսեան ելոյթի շարունակութիւն, դարձեալ կատարած է ժխտողական եւ ուրացումի յայտարարութիւններ:

«Թուրքիան միջազգային ասպարէզին մէջ ճնշելու համար կիրարկուող գործիքներէն մէկը Հայկական հարցն է: Թուրքիան չունի այնպիսի անցեալ, որով պիտի ամչնար այլ պետութիւններու առջեւ: Եթէ կայ մէկը, որ մէկ դար առաջ դժբախտութիւններ տեսած է, ատիկա մենք ենք: Այդ ժամանակահատուածին մէջ մենք կորսնցուցինք 2 միլիոն կին, երեխայ, տարեց: Մեր երկրի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ հայ եւ ռուս բռնագրաւողներու կողմէ նոյնքան ալ մեր հայրենակիցներէն սպաննուած են:

«Եթէ մենք հայերուն դէմ այդպիսի բան մը ըրած ըլլայինք, ապա այսօր պիտի չկարենայինք խօսիլ Ամերիկայէն Եւրոպա, Հիւսիսային Ափրիկէէն Կովկաս երկարող տարածքներուն մէջ բնակող միլիոնաւոր հայերու գոյութեան մասին: Հարկադրաբար կիրարկուած աքսորին ժամանակ, բնական է, որ պէտք է մեծ ցաւ ապրէին եւ կորուստներ ունենային: Ոչ մէկ երկրի խորհրդարան անոնց մասին խօսելու, քննարկելու եւ հետազօտելու տեղ չէ: Միակ վայրը, ուր պէտք է ճշմարտութիւնը փնտռել, արխիւներն են: Անոնք միայն պատմաբաններու գործն են: Մենք մեծ արխիւներ ունինք, որոնք բաց են: Եթէ երրորդ երկիրներն ալ ունին, թող բանան: Տակաւին վարչապետութեանս տարիներուն առաջարկած եմ, որ գան: Սակայն հայերը չեն գար: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ լաւ գիտեն, թէ ի՛նչ կայ այդ արխիւներուն մէջ:

«Անգամ մը եւս կը յայտարարեմ. հայերու աքսորը ո՛չ ցեղասպանութիւն է, ո՛չ ալ Մեծ եղեռն: Մենք Թուրքիան մեղադրող բոլոր պետութիւններուն կ՛ուզենք յիշեցնել առաջին եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմներու ընթացքին անոնց կողմէ սպաննուած 70 միլիոն մարդոց մասին:

«Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն ատոնք չի գիտեր: 700 հազար հայերու կոչ ուղղելը քեզ պիտի չփրկէ, պարո՛ն Մաքրոն: Նախ եւ առաջ սորվիր քաղաքականութեան մէջ ազնիւ ըլլալ: Մինչեւ ազնիւ չըլլաս, չես յաղթեր:

«Վերջին քառորդ դարուն Ղարաբաղի, Պոսնիոյ, Պաղեստինի, Իրաքի, Սուրիոյ մէջ միլիոնաւոր իսլամներու դէմ կիրարկուած է ցեղասպանութիւն: Եթէ կայ երկիր, որուն նկատմամբ այդ եզրը չէք կրնար օգտագործել` Թուրքիան է», յայտարարած է Էրտողան:

Նախորդը

Բագրատունի Ընդունեց Քորէայի Դեսպանը

Յաջորդը

«Ֆրանսան Աւելի Քան 100 Տարի Առաջ Զինած Է Հայկական Հրոսակախումբերը, Որոնք Սպաննած Են Թուրքերը» Կ՛ըսէ Աքսոյ

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.