Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ ( 19 Ապրիլ 2019)

Ապրիլ 19, 2019
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Օ. ԹԻ. ՎԻ.»-ԷՆ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՅՏԱԳԻՐ`
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ի երեկոյեան լուրերէն ետք, պատկերասփիւռի «Օ. Թի. Վի.» կայանի «Սըլլոմ Ասսամա» յայտագիրը յատուկ հաղորդում մը կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով:

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» կոմիտէն կը գուժէ իր հաւատաւոր ընկերներէն

ԼԵՒՈՆ ՃԵՐՄԱԿԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 18 ապրիլին 2018-ին:

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Ազգային իշխանութիւնը կը գուժէ Ազգային վարչութեան յանձնախմբային աշխատանքներուն մէջ երկար տարիներու վաստակ ունեցող անդամ

ԼԵՒՈՆ ՃԵՐՄԱԿԵԱՆԻ

մահը:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1956-ի շրջանաւարտներէն

ԼԵՒՈՆ ՃԵՐՄԱԿԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 18 ապրիլ 2019-ին:

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Սիլվա Լեւոն Ճերմակեան
Օրդ. Կասիա Ճերմակեան
Տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Ինկա Ճերմակեան եւ զաւակը` Լեւոնիկ
Տէր եւ տիկին Սամուէլ եւ Արմինէ Սարրաֆ եւ դուստրերը` Սեւանա եւ Անի
Տէր եւ տիկին Պարթեւ եւ Նայիրի Ճերմակեան եւ զաւակները` Վարագ, Լորէյն եւ Սոֆի
Տիկին Սիմա Քչիկեան եւ զաւակունք
Տիկին Շաքէ Ուրլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Գոհար Ճերմակեան եւ զաւակունք
Տիար Զոհրապ Ճերմակեան (Միացեալ Նահանգներ)
Օրդ. Տիգրանուհի Ճերմակեան-Աքօղլանեան
Տիկին Սիլվա Մանուշակեան եւ զաւակունք
Տիկին Շուշան Ապրումեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Ատելինա Պոյաճեան եւ զաւակունք (Կիպրոս)
Տէր եւ տիկին Պարոյր եւ Ալիս Արմատունի եւ դուստրը
Ճերմակեան եւ Աքօղլանեան ընտանիքներ
Քչիկեան եւ Ուրլեան ընտանիքներ
Մանուշակեան եւ Պօյաճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ԼԵՒՈՆ ՆԱԶԱՐ ՃԵՐՄԱԿԵԱՆԻ
(ԱՔՕՂԼԱՆԵԱՆ)
(Ծնեալ` 4 նոյեմբեր 1937-ին)

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 18 ապրիլ 2019-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Ապու Ժաուտէ հիւանդանոցին մէջ:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 20 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան կէսօրէ ետք ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 21 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 4:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Հայկան Տինկճեան
Օրդ. Սիլվի Տինկճեան\
Տիար Րաֆֆի Տինկճեան
Տիկին Անահիտ Բագրատունի
Բագրատունի ընտանիք
Գուրույեան ընտանիք
Սամուէլեան ընտանիք
Տէր եւ տիկին Յարութ Տէմիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարուժ Տէմիրճեան եւ զաւակունք
Սագօ Տէմիրճեան
Տինկճեան եւ Բագրատունի ընտանիքներ
Գուրույեան եւ Սամուէլեան ընտանիքներ
Տէմիրճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին`

ԺԱՆ ՏԻՆԿՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 17 ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 18 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին ուրբաթ, 19 ապրիլին, հանգուցեալին բնակարանը, Ժեհթաուի, Յունական հիւանդանոցին դիմաց, 6-րդ յարկ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Հուրիկ Պալեան
Տէր եւ տիկին Ալեք եւ Գալին Եաւերեան եւ զաւակները` Ալեքսանտր, Էսթելլա, Քրիսթիան
Տէր եւ տիկին Արմէն եւ Սարին Վանլեան եւ զաւակները` Լէա եւ Էնտրու
Հիւպատոս Արա Պօղոս Վանլեան եւ զաւակունք
Տիկին Մատլեն Վանլեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Եղիս Սեմերճեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Յասմիկ Այվազեանի ընտանիք
Վանլեան եւ Պալեան ընտանիքներ
Քըվըրեան եւ Չաքըլեան ընտանիքներ
Եաւերեան եւ Ադամեան ընտանիքներ
Ճիզմեճեան եւ Սեմերճեան ընտանիքներ
Այվազեան եւ Արսլանեան ընտանիքներ
Մարդայեան եւ Մինոյեան ընտանիքներ
Տիլանեան եւ Կարոյեան ընտանիքներ
Արապեան եւ Ասմար ընտանիքներ
Արդին ընտանիք
«Galerie Vanlian»-ի տնօրէնութիւն եւ պաշտօնեաներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ՊԵՏՐՈՍ ՎԱՆԼԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 17 ապրիլ 2019-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 19 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին «ՀԲԸՄ»-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ, 2-րդ յարկ, Տըպպայէ, յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 20 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 եւ կիրակի, 21 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել «Վիգէն Վանլեան» աշակերտական ֆոնտին:

————————————–

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ,
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
ԵՒ
ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքը իր բոլոր յանձնախումբերով, վարչական ու համակիր անդամներով, սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն
ՀԲԸ Միութեան վեթերան անդամ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ասպետներու բազմամեայ վարչական, նուիրեալ բարեգործ եւ խնամատար միութենական

ՊԵՏՐՈՍ ՎԱՆԼԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 17 ապրիլ 2019-ի կէս գիշերին:

————————————–

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԹԱՓՕՐ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Աւագ ուրբաթ, 19 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւնը պիտի կատարուի Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Եկեղեցական արարողութեան պիտի նախագահէ եւ քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱԲՂՅ. ՔԻՒՐԻՒՄԵԱՆ

Յետ եկեղեցական արարողութեան թաղման հանդիսաւոր թափօր պիտի կատարուի` մասնակցութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու եկեղեցական արարողութեան եւ թափօրին, վերանորոգելու համար քրիստոնէական հաւատքով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————–

Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԹԱՓՕՐ

Աւագ ուրբաթ, 19 ապրիլ 2019-ին մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի չարչարանց, խաչելութեան ու թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւնը պիտի կատարուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Եկեղեցական արարողութեան եւ թափօրին պիտի հանդիսապետէ եւ քարոզէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Սկիզբ ժամերգութեան`             ժամը 5:00-ին

Յետ եկեղեցական արարողութեան, թաղման հանդիսաւոր թափօր պիտի կատարուի, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, դպրաց դասին եւ ժողովուրդին:

Կոչ կ՛ուղղենք հաւատացեալ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` մասնակից դառնալու եկեղեցական ժամերգութեան եւ թաղման թափօրին ու զօրանալու մահով յարութիւն կերտած Քրիստոսի խաչով:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

————————————–

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԹԱՓՕՐ
ՃԻՒՆԻԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Աւագ ուրբաթ, 19 ապրիլ 2019-ին տեղի պիտի ունենայ Կարգ թաղման Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի: Ժամերգութեան պիտի հանդիսապետէ եւ քարոզէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն`

ՀՈԳՇ. Տ. ՊԵՏՐՈՍ ՎՐԴ. ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` երեկոյեան ժամը 5:00-ին
Թաղման թափօր` երեկոյեան ժամը 6:00-ին

Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր եկեղեցւոյ ծխական հաւատացեալ ժողովուրդին` ներկայ գտնուելու սոյն արարողութեան եւ մաս կազմելու թաղման թափօրին:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՃԻՒՆԻԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ ԵՒ
ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————–

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ (ԷՇՐԵՖԻԷ)

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ, 19 ԱՊՐԻԼ 2019.

ՅԻՇԱՏԱԿ ՉԱՐՉԱՐԱՆԱՑ, ԽԱՉԵԼՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹԱՂՄԱՆ

– ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳ` կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին
– Եկեղեցւոյ կարգէն ետք հանդիսաւոր թաղման թափօր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղերուն մէջ, ընկերակցութեամբ` Այնճարի ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին:

Կը նախագահէ եւ կը քարոզէ`

ԳԵՐՊ. Տ. ՓԱՌԷՆ Ծ. ՎՐԴ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ, 20 ԱՊՐԻԼ 2019

ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ

– ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ` երեկոյեան ժամը 5:00-ին

ԿԻՐԱԿԻ, 21 ԱՊՐԻԼ 2019. Ս. ԶԱՏԻԿ

ՅԻՇԱՏԱԿ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
– Առաւօտեան ժամերգութիւն`ժամը 7:30-ին
Սուրբ պատարագ`ժամը 9:30-ին
Քարոզ`ժամը 11:00-ին

Ս. պատարագը կը մատուցէ եւ կը քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՀՐԱՆԴ ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆ

Պատարագի աւարտին թափօր` դէպի «Տիրան Պապիկեան» սրահ:

Շնորհաւորանքներ եւ ընտանեկան Զատիկի տօնախմբութիւն: Հաւկթախաղ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————–

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ
ԵԿԵՂԵՑԻ (ՀԱՅԱՇԷՆ)

ԿԱՐԳ ԹԱՂՄԱՆ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ ուրբաթ, 19 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Քրիստոսի թաղման արարողութիւնը Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԱԲՂՅ. ՇԱՐՈՅԵԱՆ

Ուստի կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակցելու սոյն արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————–

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ (ՀԱՅԱՇԷՆ)

ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ շաբաթ, 20 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 4:30ին, Ճրագալոյցի արարողութեան պիտի նախագահէ եւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ իր պատգամը ուղղէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Ուստի կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակցելու սոյն արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————–

ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ս. Զատկուան տօնին առիթով սուրբ պատարագ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին

Կը պատարագէ եւ իր հայրական պատգամը կ՛ուղղէ

Լիբանանի Հայոց առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Սկիզբ ժամերգութեան`ժամը 7:30-ին
Սուրբ պատարագ`ժամը 9:30-ին
Քարոզ`ժամը 10:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակելու սրբազան արարողութեանց եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

– – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – – –

Ս. ԶԱՏԻԿԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ պատարագի աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը Ս. Զատիկի շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00:

Ապա, կէսօրէ ետք, շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունուին Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

————————————–

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ
ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Պիտի պատարագէ եւ օրուան պատգամը ուղղէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան`ժամը 7:30-ին
Սուրբ պատարագ`ժամը 10:00-ին
Քարոզ`ժամը 11:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————–

Ս. ԶԱՏԻԿԸ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին, Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ՎԻԳԷՆ ՎՐԴ. ՏԱԼԳԸԼՃԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան`ժամը 8:00-ին
Սուրբ պատարագ`ժամը 10:00-ին
Քարոզ`ժամը 11:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ վերանորոգուելու Ս. Յարութեան հրաշափառ խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————–

ՏՕՆ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ (ՀԱՅԱՇԷՆ)

Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին, Յիսուսի Յարութեան տօնին առիթով պիտի պատարագէ եւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ քարոզէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ԱՒԵՏԻՔ ԱՂԲՅ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Ս. Զատկուան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին

Ուստի կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակցելու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

Նաեւ պատարագէն ետք պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր` «Ուրախ օր Կարինին հետ» եւ հաւկթախաղ, ապա հիւրասիրութիւն` եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————–

Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՊԱՏԱՐԱԳ`
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին, Ս. Յարութեան տօնին առիթով պիտի պատարագէ`

ՀՈԳՇ. Տ. ՊԵՏՐՈՍ ՎՐԴ. ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան`ժամը 8:00-ին
Սուրբ պատարագ`ժամը 9:30-ին
Քարոզ`ժամը 11:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ:

————————————–

Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ՃԻՒՆԻԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, որ կը զուգադիպի կիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն`

ՀՈԳՇ. Տ. ԱՇՈՏ ԱԲՂՅ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան`ժամը 7:30-ին
Սուրբ պատարագ`ժամը 9:00-ին
Քարոզ`ժամը 11:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը սուրբ եւ անմահ պատարագին` վերանորոգուելու համար Քրիստոսի յարութեան շունչով:

ԾԱՆՕԹ.- Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ Զատկուան աւանդական հաւկթախաղը, ինչպէս նաեւ «Փոքրերու աշխարհ» մանկապատանեկան խումբը պիտի խանդավառէ փոքրիկները:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՃԻՒՆԻԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ
ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————–

ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահը եւ Կեդրոնական մարմինը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին կիրակի, 21 ապրիլ 2019, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ ընդունելութեանց դահլիճին մէջ, Մեքսիք փողոց, Պէյրութ:

ՄԱՀԱԵ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ԴԻՒԱՆ

————————————–

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ (ԱԶՈՒՆԻԷ)

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Բուժարանին խնամակալութիւնը եւ տնօրէնութիւնը, տօնական այս օրերուն, բուժարանին մէջ ապաստան գտած մամիկներն ու պապիկները ուրախացնելու համար, զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպեն:

Տրուած ըլլալով, որ կարգ մը ապաստանեալներու պարագաները երթեւեկի դժուարութեանց պատճառով չեն կրնար այցելել իրենց հարազատներուն, խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը որոշեցին յատուկ կարգադրութիւն մը ընել` հետեւեալ ձեւով.

Երկուշաբթի, 22 ապրիլ 2019, ապաստանեալներու պարագաներուն տրամադրութեան տակ պիտի դրուին բուժարանին մինի պասերը: Փափաքողները ճամբայ պիտի ելլեն առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ապա Պէյրութ վերադառնան կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին:

Երթուդարձը անվճար:

Մեկնում` Պուրճ Համուտ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիին առջեւէն, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ

ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ

ԾԱՆՕԹ.- Անհրաժեշտ է տեղեակ պահել մինչեւ շաբաթ, 20 ապրիլ 2019: Տեղերը ապահովելու համար կը խնդրուի հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.
Պէյրութի գրասենեակ` 01-248851/ Whatsapp 81-287735 Բուժարան-Ազունիէ` 05-220405

————————————–

ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆ

ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2019 կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, Նոր Մարաշ, Պուրճ Համուտ:

Պատգամաբեր` ՎԵՐ. ՆՇԱՆ ՊԱԳԱԼԵԱՆ

Պատգամ`

«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ»
  • Գեղարուեստական յայտագիր

Հաւատացեալ ժողովուրդը կը հրաւիրուի ներկայ ըլլալու սոյն պաշտամունքին` ոգեկոչելու համար մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը:

————————————–

ՏՕՆ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ
ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս պատրիարքը
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Ս. Յարութեան տօնին առիթով հայրապետական սուրբ պատարագը պիտի մատուցէ եւ քարոզէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տեպպաս հրապարակ, կիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Յաւարտ սուրբ պատարագին, հոգեւոր տէրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի եկեղեցւոյ մէջ:

Այնուհետեւ հոգեւոր տէրը շնորհաւորութիւնները պիտի շարունակէ ընդունիլ պատրիարքարանին դահլիճը:

Կիրակի, 21 ապրիլ, ժամը 16:00-19:00:
Երկուշաբթի, 22 ապրիլ, ժամը 10:00-12:30 եւ 16:00-19:00:

ԴԻՒԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

————————————–

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Ուրախ ենք յայտարարելու, թէ Լիբանանահայ բժշկական միութեան արխիւներու սենեակը ամբողջովին վերանորոգուեցաւ շնորհիւ միութեան բարեկամ պրն. Սէմ Րագուպեանին:

Այս ձեւով կ՛ամբողջանայ միութեան տան վերանորոգումը, որ առաջին փուլով ընդգրկած էր սրահը, վարչական ժողովի եւ հիւրերու ընդունելութեան սենեակները:

Վերանորոգուած այս սենեակը կարելիութիւնը պիտի տայ պատշաճ ձեւով դասաւորելու 1950-էն ի վեր գործող միութեան տարբեր տեսակի արխիւը` սկսելով վարչական եւ ընդհանուր ժողովներէն, հասնելով մինչեւ զանազան բնոյթի ձեռնարկները:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք պրն. Սէմ Րագուպեանին` այս օգտակար ծրագիրը ամբողջովին ստանձնելուն համար: Ներկայի տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ, այս նախաձեռնութիւնը ընդհանրապէս լաւատեսութիւն կը ներշնչէ եւ խթան կը հանդիսանայ միութեան յառաջիկայ աշխատանքներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

————————————–

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Հանքաշ փողոց, 40 քառ. մեթր, գետնայարկ: Դիմել` հեռ. 01-254193:

————————————–

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

8 ՄԱՅԻՍ 2019

ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ

BRUNCH

9 ՄԱՅԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ՌՈՒԲԷՆ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՈՒՐԲԱԹ, 10 ՄԱՅԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ՌՈՒԲԷՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

ՇԱԲԱԹ, 11 ՄԱՅԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

ՇԱԲԱԹ, 18 ՄԱՅԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ» ԿՈՄԻՏԷ

ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ, ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

1 ԵՒ 2 ՅՈՒՆԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ 2019

8 ԵՒ 9 ՅՈՒՆԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

– ԸՆԹՐԻՔ-

8 ՅՈՒՆԻՍ 2019

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Պէյրութ – ՀՄԸՄ Երրորդ Ճակատումը

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (17 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (15 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 15, 2025
Յայտարարութիւններ

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?