Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն առաջարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով հերթական հանդիպումը ունենալ Ուաշինկթընի մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Վարշաւայի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ, իմ ռուս պաշտօնակիցիս` Սերկէյ Լաւրովի նախաձեռնութեամբ: Ռուսիոյ հետ ջանքերու կրկնակի-եռակի մեծացման պարագային, կարելի է հիմնախնդիրի լուծման հարցին մէջ յառաջընթացի յոյս ունենալ: Երէկ Միացեալ Նահանգներէն հրաւէր ստացանք այցելելու Ուաշինկթըն, ուր արտաքին գործոց նախարարը (Փոմփէօ, «Ա.») իր ջանքերը պիտի ներդրէ հիմնախնդիրի լուծման հարցին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար», ըսած է Մամետեարով:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան, պատասխանելով Մամետեարովի կատարած յայտարարութեան մասին հարցումի մը, ըսաւ. «Ինչպէս գիտէք, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերեալ իւրաքանչիւր հանդիպման հաստատումէն ետք ատոր մասին կը յայտարարուի փոխադարձ համաձայնութեան կարգով: Իրապէս, կը քննուի ապագայ հանդիպումը համանախագահ երկիրներէն մէկուն մէջ կատարելու կարելիութիւնը` հաշուի առնելով նախկին նմանօրինակ հանդիպումներու աշխարհագրութիւնը:
«Որովհետեւ այս հարցը տակաւին քննարկման փուլի մէջ է, պէտք է ձեռնպահ մնալ միակողմանի ազդարարումներէ եւ հրապարակային բանակցութիւններու գործելաոճէն: Աւելի՛ն, համանախագահ երկիրներէն մէկուն մէջ տեղի ունենալիք հանդիպման մասին նախապէս յայտարարելը անյարգալից վերաբերմունք է հոլովոյթի մասնակիցներուն, սակայն նախ եւ առաջ` տուեալ համանախագահին նկատմամբ:
«Տակաւին չկայացած համաձայնութիւններու ազդարար դառնալու ձգտումը չի նպաստեր փոխադարձ վստահութեան հիման վրայ բնական աշխատանքային մթնոլորտի ձեւաւորման»:



