Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աթէնքի Մէջ Ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104րդ Տարելից

Ապրիլ 15, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ե­րէկ Ա­թէն­քի ­Ռազ­մա­կան թան­գա­րա­նին մէջ հել­լէն պե­տա­կան ու քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ի նպաստ ­Հայ ­Դա­տի եւ ­Հա­յաս­տա­նի Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը գի­տա­կից ու պա­հան­ջա­տէր՝ իր ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու հատուցման մէջ

Ատ­տի­կէի ­մարզ­պե­տա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ե­րէկ ­Կի­րա­կի 14 Ապ­րիլ 2019ին, Ա­թէն­քի ­Ռազ­մա­կան թան­գա­րա­նին մէջ, ի­րա­կա­նա­ցաւ Ապ­րի­լեան ո­գե­կոչ­ման քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կը, յոյն քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ հոծ բազ­մու­թեան ներ­կա­յու­թեամբ:

Ապ­րիլ 24ի այս տա­րո­ւան քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նար­կին յատ­կան­շա­կան էր Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի ար­քե­պիս­կո­պոս Իէ­րո­նի­մոս Սր­բա­զա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ տպա­ւո­րիչ էր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հել­լէն պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան պաշ­տօ­նա­տար անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, նոյն­պէս եւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած դես­պա­նու­թեանց քա­ղա­քա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։

Հանդիսաս­րա­հի մուտ­քին պա­տո­ւոյ ըն­դու­նե­լու­թեան կարգ կը պա­հէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րը, իսկ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րուն կը դի­մա­ւո­րէին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին ան­դամ­նե­րը։ Խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան ­օրուան նախագահ ընկ. Ալիս Ֆարաճեան, Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ նա­խա­րար ­Թե­րենս ­Նի­քո­լաոս ­Քո­ւիք, հել­լէն խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի նա­խա­գահ Է­լէ­նի Ս­թա­մա­թա­քի, Ատ­տի­կէի փոխ մարզ­պետ Խ­րիս­թոս ­Քա­փա­թա­յիս, ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Ար­ման Գ­րի­գո­րեան: Օ­րուան բա­նա­խօսն էր յու­նա­կան մամ­լոյ հե­ղի­նա­կա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն «­Ռէալ ­Նիուզ» թեր­թի հրա­տա­րա­կիչ, ծա­նօթ լրագ­րող ­Նի­քոս ­Խա­ծի­նի­քո­լաու, որ խօ­սե­ցաւ ­Թուր­քիոյ ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին եւ ա­նոր բա­նե­ցու­ցած ճնշում­նե­րուն՝ այն եր­կիր­նե­րուն վրայ, ո­րոնք Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու ճա­նա­պար­հին վրայ են՝ սպառ­նա­լիք­նե­րով եւ վա­խի մթնո­լոր­տի տա­րա­ծու­մով: Ան ման­րա­մասն անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք հայ վրի­ժա­ռու բա­զուկ­նե­րու հաս­ցու­ցած հա­րո­ւած­նե­րուն եւ հայ ազ­գի դի­մադ­րա­կան ո­գիին, որ կան­գուն պա­հեց հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­հա­ւոր իր ճա­կա­տագ­րին առ­ջեւ։ ­Շատ հե­տաքրք­րա­կան եւ բո­վան­դա­կա­լից իր ներ­կա­յաց­ման մէջ, ծա­նօթ լրագ­րո­ղը պա­խա­րա­կեց ­Թուր­քիոյ վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ շեշ­տը դրաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան փաս­տը ճանչ­նա­լու եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րը վե­րացնե­լու հա­մայն աշ­խար­հի պար­տա­ւո­րու­թեան վրայ:

Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին, ներ­կա­նե­րը՝ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թեանց ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րու եւ Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի նո­ւա­գա­խում­բի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, սրա­հէն հա­ւա­քա­բար քա­լե­ցին դէ­պի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կի Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւորի յու­շա­դամ­բա­նը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով եւ ի յի­շա­տակ հա­յոց սրբադասեալ նա­հա­տակ­նե­րուն։

Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի եր­կար տա­րի­նե­րու պա­հան­ջա­տի­րա­կան ու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ, Ապ­րի­լի քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կի հրա­ւէ­րին այս տա­րի ալ ըն­դա­ռա­ջա­ցած էին մեծ թի­ւով յոյն քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին ազ­գա­յին մեր դա­տին ու պա­հան­ջա­տի­րու­թեան։

Ռազ­մա­կան թան­գա­րա­նի սրա­հը կա­նու­խէն լե­ցու­ցած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու եւ յոյն եւ օ­տար դէմ­քե­րու ու բա­րե­կամ­նե­րու շատ մեծ թիւ մը հա­ւա­քո­ւած էր, ո­գե­կո­չե­լու հա­մար 104րդ ­տա­րե­լի­ցը թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ Այս տա­րի, նա­խա­տե­սում կա­տա­րո­ւած էր, սրա­հէն դուրս հսկայ պաս­տառ մը (video wall) զե­տե­ղե­լու մա­սին, ուր ուղ­ղա­կի կը սփռո­ւէր սրա­հի բե­մին վրայ գոր­ծադ­րո­ւող յայ­տա­գի­րը եւ հե­տե­ւե­լու ա­ռի­թը կու­տար բո­լոր այն հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ո­րոնց հա­մար կա­րե­լի չե­ղաւ տեղ գրա­ւել սրա­հէն ներս, ժո­ղո­վուր­դի մեծ թի­ւի ներ­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով։

Ատ­տի­կէի ­Մարզ­պե­տա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցած Ապ­րիլ 24ի այս տա­րո­ւան քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նար­կին յատ­կան­շա­կան էր Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի ար­քե­պիս­կո­պոս Իէ­րո­նի­մոս Սր­բա­զա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ տպա­ւո­րիչ էր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս հել­լէն պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան պաշ­տօ­նա­տար անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, նոյն­պէս եւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած դես­պա­նու­թեանց քա­ղա­քա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ ­Պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րու ա­ռա­ջին շար­քին էին Յու­նաս­տա­նի արքեպիսկոպոս Իէրոնիմոս Սրբազանը, կա­ռա­վա­րու­թեան եւ խորհր­դա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Ատ­տի­կէի մարզ­պե­տա­րա­նի, ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, հել­լէն իշ­խա­նու­թեանց նա­խա­րար­ներ ու փոխ-նա­խա­րար­ներ, խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ, օ­տար դես-պան­ներ ու զի­նո­ւո­րա­կան կցորդ­ներ, քա­ղա­քա­պետ­ներ եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ հայ կա­թո­ղի­կէ ու ա­ւե­տա­րա­նա­կան յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց ա­ռաջ­նորդ­ներն ու յու­նա­հա­յոց ծխա­տէր հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ։ ­Ներ­կայ էին նաեւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րա­պայ­քար­նե­րուն մաս­նա­կից թեկ­նա­ծու­ներ եւ մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ:

Հան­դի­սու­թիւ­նը սկսաւ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ազ­գա­յին ո­գերգ­նե­րով՝ «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բի կա­տա­րո­ղու­թեամբ եւ ներ­կա­նե­րու յոտն­կայս ունկնդ­րու­թեամբ։
Օ­րո­ւան նա­խա­գահ եւ հան­դի­սա­վար ընկ. Ա­լիս ­Ֆա­րա­ճեան, յու­նա­րէ­նով ներ­կա­յա­ցուց հան­դի­սու­թեան պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման խօս­քը (ո­րը կը հրա­տա­րա­կենք ա­ռան­ձին)։
Օ­րո­ւայ նա­խա­գա­հու­հին ընդ­հա­նուր կեր­պով շեշ­տը դրաւ ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան շար­ժու­մի հանգրո­ւան­նե­րուն, ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րուն, հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րապ­րու­մի կամ­քին ու շա­րու­նա­կո­ւող պայ­քար­նե­րուն:

Հել­լէն կա­ռա­վա­րու­թեան ա­նու­նով հան­դի­սու­թեան իր ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղեց ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար պրն. ­Թե­րենս ­Նի­քո­լաոս ­Քո­ւիք, որ անդ­րա­դար­ձաւ իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն ­Հա­յաս­տան եւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ տա­րա­ծուն ու բազ­մաբ­նոյթ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։

Հել­լէն խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ պրն. ­Նի­քօ ­Վու­ցի­սի կող­մէ խօսք ա­ռաւ տիկ. Է­լէ­նի Ս­թա­մա­թա­քի, որ կը նա­խա­գա­հէ հայ-յու­նա­կան միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բին։ Ան ը­սաւ, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կը մնայ 20րդ ­դա­րու ա­մե­նա­դա­ժան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը մեր հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան մէջ եւ հել­լէն խորհր­դա­րա­նի ու խորհր­դա­րա­նա­կան բո­լոր ու­ժե­րու զօ­րակ­ցա­կան կամ­քը ար­տա­յայ­տեց:

Յա­ջոր­դա­բար խօսք ա­ռաւ Ատ­տի­կէի մարզ­պե­տի՝ ­Ռե­նա ­Տու­րո­ւի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պրն. Խ­րիս­թոս ­Քա­փա­թա­յիս։ Ան շեշ­տեց եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եղ­բայ­րա­կան կա­պե­րը եւ նոյն պատ­մա­կան ու­ղին ան­ցած ըլ­լա­լու ա­ւան­դը:

Յա­ջոր­դա­բար, նա­խա­գա­հը բեմ հրա­ւի­րեց ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան, որ նշեց ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման նպա­տա­կով: ­Նաեւ շեշ­տեց ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, երբ 1996ին ճանչ­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ պե­տա­կան օ­րէն­քով սահ­մա­նեց ո­գե­կո­չա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու կա­տա­րու­մը, ամ­բողջ երկ­րի տա­րած­քին:

Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ող­ջոյ­նի խօս­քը ար­տա­սա­նեց ընկ. Ար­ման Գ­րի­գո­րեան, որ իր խօս­քին մէջ պար­զեց պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րը ու ծան­րա­ցաւ ­Թուր­քիոյ այ­սօ­րո­ւան ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ։ Ան շեշ­տեց հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան գի­տա­կից ու պա­տաս­խա­նա­տու կե­ցո­ւած­քը, որ իր ու­սե­րուն վեր­ցու­ցած է ազ­գա­յին իր ժա­ռան­գը եւ պա­հան­ջա­տէր ո­գիով կը շա­րու­նա­կէ հե­տապն­դել հա­յու­թեան ար­դար դա­տե­րը։

Այ­նու­հե­տեւ բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ծա­նօթ դե­րա­սա­նու­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան, որ խոր ապ­րու­մով աս­մուն­քեց ­Շարլ Ազ­նա­ւու­րի Ils Sont Tombes եր­գի յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը, մինչ մեծ պաս­տա­ռի վրայ կը ցու­ցադ­րո­ւէր ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի Ան­մար ­Բո­ցը եւ կը հնչէր Շարլ Ազ­նա­ւու­րի ձայ­նը։

Յա­ջոր­դա­բար բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ օ­րուայ բա­նա­խօս, յու­նա­կան մամ­լոյ հե­ղի­նա­կա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն «­Ռէալ ­Նիուզ» թեր­թի հրա­տա­րա­կիչ, ծա­նօթ լրագ­րող ­Նի­քոս ­Խա­ծի­նի­քո­լաու։ Ան յայտ­նեց, թէ ինք ­Փոքր Ա­սիա­կան ծա­գում ու­նի ու իր նա­խա­հօր ըն­տա­նի­քը գաղ­թա­կան հա­սաւ ­Յու­նաս­տան, այդ­պէս լա­ւա­պէս կը գի­տակ­ցի հա­յու­թեան ո­դի­սա­կա­նին։ ­Նի­քոս ­Խա­ծի­նի­քո­լաու խօ­սե­ցաւ ­Թուր­քիոյ ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին եւ ա­նոր բա­նե­ցու­ցած ճնշում­նե­րուն՝ այն եր­կիր­նե­րուն վրայ, ո­րոնք ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու ճա­նա­պար­հին վրայ են՝ սպառ­նա­լիք­նե­րով եւ վա­խի մթնո­լոր­տի տա­րա­ծու­մով: Ան ման­րա­մասն անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք հայ վրի­ժա­ռու բա­զուկ­նե­րու հաս­ցու­ցած հարուած­նե­րուն եւ հայ ազ­գի դի­մադ­րա­կան ո­գիին, որ կան­գուն պա­հեց հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­հա­ւոր իր ճա­կա­տագ­րին առ­ջեւ։ ­Շատ հե­տաքրք­րա­կան եւ բո­վան­դա­կա­լից իր ներ­կա­յաց­ման մէջ, ծա­նօթ լրագ­րո­ղը պա­խա­րա­կեց ­Թուր­քիոյ վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ շեշ­տը դրաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան փաս­տը ճանչ­նա­լու եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րը վե­րաց­նե­լու հա­մայն աշ­խար­հի պար­տա­ւո­րու­թեան վրայ:
Յայ­տագ­րի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բաժ­նով ամ­բող­ջա­ցաւ ձեռ­նար­կը։ «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բը, խմբա­վար պրն. Մկրտիչ Գ­րի­գո­րեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ ու տիկ. ­Վար­դե­նի Ս­պար­թա­լեա­նի դաշ­նա­կի ըն­կերակ­ցու­թեամբ, յա­ջո­ղու­թեամբ մեկ­նա­բա­նեց եւ սրա­հը ջեր­մա­ցուց «Գ­թա ­Տէ՛ր» եւ «Իմ Ե­րե­ւան» խմբերգ­նե­րով։ Ա­ւար­տին «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բը, Էտ­կար Է­կեա­նի պա­րու­սուց­չու­թեամբ, ներ­կա­յա­ցուց «­Պի­տի գայ այդ օ­րը» պա­րը։

Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին, ներ­կա­նե­րը՝ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թեանց ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի դմբկա­հար­նե­րու, աս­տի­ճա­նա­ւոր­նե­րու, սկաու­տա­կան եւ գայ­լի­կա­կան խում­բե­րու, ինչ­պէս նաեւ Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի նո­ւա­գա­խում­բի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, սրա­հէն հա­ւա­քա­բար քա­լե­ցին դէ­պի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կի Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Յա­նուն ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով եւ ի յի­շա­տակ հա­յոց սրբա­ցեալ նա­հա­տակ­նե­րուն, Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց ընկ. ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան։

Ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­ցին նաեւ յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան, յու­նա­կան խորհր­դա­րա­նի, Ատ­տի­կէի մարզ­պե­տա­րա­նի, Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան, ­Պոն­տոս­ցի­նե­րու եւ Ա­սո­րի­նե­րու միու­թեանց նա­խա­գահ­նե­րը: ­Զի­նո­ւո­րա­կան պա­հա­կա­խում­բը հնչե­ցուց հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ազ­գա­յին ո­գերգ­նե­րը, ա­պա Հ.Մ.Ը.Մ.ի դմբա­կա­հար­նե­րը, սկաուտ-ա­րե­նուշ­նե­րը եւ գայ­լիկ-ար­ծո­ւիկ­նե­րը տո­ղան­ցե­ցին Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին առ­ջե­ւէն։

Ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով՝ ­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան, կա­ռա­վա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ օ­տար դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­ռոյց­նե­րը ի­րենց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով ներ­կայ ե­ղան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104րդ ­տա­րե­լի­ցի ո­գե­կոչ­ման պաշ­տօ­նա­կան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նար­կին, եւ ի­րենց ե­լոյթ­նե­րով ու խօս­քե­րով ա­ւե­լիով շեշ­տադ­րե­ցին ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին փո­խան­ցած օ­րո­ւան պատ­գա­մը, թէ հա­յու­թիւ­նը պա­հան­ջա­տէր է ու գի­տա­կից՝ իր ազ­գա­յին ար­դար դա­տի հե­տապնդ­ման մէջ։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?