Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՎԷՐՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ» ԳԻՐՔԻ ՄՐՑԱՆՔԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

December 17, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համատեղ գործակցութեամբ ՀԱՅՈԳԻ մատենաշարի, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Ազդակ»-ին, տեղի ունեցաւ  Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» գիրքի մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ Վարդան եպս. Աշգարեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ, մրցանքի դատական կազմի անդամներ, հայկական վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ ծնողներ:

Հանդիսութեան առաջին խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեանց անունով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԱՅՈԳԻ մատենաշարի հիմնադիր եւ պատասխանատու Խաժակ Գալուստեանին, որուն ամբողջական ու անվերապահ զօրակցութեամբ ու ներդրումով կարելի եղաւ այս նախաձեռնութիւնը յաջողցնել: Հաւաթեան անդրադարձաւ նաեւ այս ծրագիրի իրականացման զանազան հանգրուաններուն` հաստատելով, որ այս նախաձեռնութիւնը  կարեւոր նախընթաց մը պիտի հանդիսանայ յառաջիկայ տարիներու հաշուոյն, եւ շեշտը դրաւ այն հանգամանքին վրայ, որ միացեալ ճիգերով անպայման կարելի կ՛ըլլայ ապագային եւս յաջողցնել այսպիսի ծրագիրներ, որոնք կարեւոր ներդրում ունին նորահաս սերունդներու հայեցի կազմաւորման հոլովոյթին մէջ: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք մղում տուին աշակերտութեան` աւելցնելով, որ յառաջիկային անպայման մասնակցողներու թիւը կը ծաւալի:

Երկրորդ խօսքը արտասանեց դատական կազմի անդամ Ժիրայր Դանիէլեան, որ ներկայացուց դատական կազմի հարցարաններու պատրաստութեան, սրբագրութեան եւ արժեւորումներու ընդհանուր աշխատանքը: Դանիէլեան անդրադարձաւ նաեւ շարադրութեան բաժինին մէջ մասնակցողներու արձանագրած կարգ մը մտածումներուն, որոնք մեծ տպաւորութիւն ձգած են դատական կազմին վրայ` ընդունելով, որ արդիւնքը կրնայ բաւարարած չըլլալ զիրենք, բայց աշակերտութեան մօտեցումը եւ մասնակցութիւնը կարեւոր գրաւական մը կը հանդիսանայ ապագայի հաշուոյն: Ան ակնկալեց, որ յառաջիկային հայկական վարժարաններու տնօրէնները եւ ուսուցիչները յաւելեալ ճիգ ի գործ դնեն` այսպիսի մրցանքներու աւելի մեծ թիւով աշակերտութեան մասնակցութիւնը ապահովելու համար: Վերջապէս, ան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Խաժակ Գալուստեանին այսպիսի կարեւոր նախաձեռնութեան մը մտայղացման մէջ դերակատար դարձած ու ապա ծրագիրի իրագործումը  ամբողջականօրէն հովանաւորած ըլլալուն համար:

Երրորդ խօսքը արտասանեց դարձեալ մրցանքի դատական կազմի անդամ, հայրենի գրականագէտ փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան: Ան իր գոհունակութիւնը եւ խանդավառութիւնը փոխանցեց ի տես կատարուած աշխատանքին եւ անոր արձանագրած արդիւնքին: Տէր Խաչատուրեան այս նախաձեռնութենէն մեկնած եւ հայ կեանքին ու անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, յատկապէ՛ս մեր հոգեմտաւոր ժառանգութեանց պահպանման առնչութեամբ, համեմատական մօտեցումով` ովկիանոսին մէջ կողմնացոյցը կորսնցուցած, բայց թիավարումը անվհատ շարունակող փոխաբերական պատկերով մը ներկայացուց մեր իրականութիւնը: Ան շեշտը դրաւ նաեւ հայ գրականութեան մէջ Խաչատուր Աբովեանի այս գործին ձգած մեծ ազդեցութեան վրայ:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան, որ շնորհաւորեց այս նախաձեռնութիւնը եւ մասնակցող աշակերտները` կոչ ուղղելով բոլորին, որ մօտէն առնչուին ընթերցանութեան հետ` մաղթելով, որ անոնք ընթերցանութեամբ իրազեկ դառնան իրենց ժողովուրդի ապրած դառն ճակատագիրին, որպէսզի անմար մնայ իրենց մէջ պահանջատիրութեան ոգին եւ ըմբոշխնեն նաեւ հայ ազգին հոգեմտաւոր հարուստ ժառանգութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Միջնակարգ բաժինէն Բ. մրցանակի արժանացաւ Ռիթա Ֆերմանեան` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն: Երկրորդական բաժինի առաջին հանդիսացաւ Աբիկ Աբրահամեան` Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանէն, երկրորդ` Գարին Չեքիճեան` Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանէն, եւ երրորդ` Մեղեդի Մինասեան` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան վարժարանէն: Յայտնենք, որ ՀԱՅՈԳԻ մատենաշարի կողմէ առաջին հանդիսացողը ստացաւ 1500 ամ. տոլարի նիւթական պարգեւ, երկրորդը` 750 ամ. տոլար, իսկ երրորդը` 500 ամ. տոլար: Մնացեալ բոլոր մասնակցողները նաեւ ստացան գնահատագիրներ եւ նիւթական խորհրդանշական պարգեւներ:

 

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` ԱՐԵԱՆ ԳԵՐՃՆՇՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ

Յաջորդը

«ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ԾՈՒՆԿԻ ԲԵՐԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.