Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայր Արմինէի Վախճանումով Նուիրեալներու Շարքերը Եւս Մէկով Նօսրացան

April 13, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Եւ ի՜նչ մէկ: Մէկ մը, որուն կեանքը  իր մէջ միաժամանակ ամբողջական ծառայութիւն ենթադրող նուիրում  եղաւ: Նուիրում` եկեղեցւոյ եւ իր միաբանութեան ճամբով` ծառայութիւն ազգին, անոր իրերայաջորդ սերունդներու հոգեմտաւոր ու տոհմիկ դաստիարակութեան` իբրեւ մարդ, քրիստոնեայ եւ հայ, այնպէս, ինչպէս ուխտած էր ընել Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան սրբարար վեղարը հանդիսաւորապէս կրած օրէն, 1948-ական տարիներուն, եւ աւելի քան կէս դար անընդմէջ: Ծառայութիւն` լուսարձակներէ հեռու, խոնարհաբար եւ համեստօրէն, այնպէս, ինչպէս կ՛ուխտեն հայ քոյրերը:

Իբրեւ շարքային քոյր կամ  1993-էն սկսեալ աւելի քան տասնամեակ մը` իբրեւ միաբանութեան մեծաւոր Մայրան, եկեղեցանուէր, ազգանուէր, հայակերտումի, ծառայասիրական, կրթական, դաստիարակչական առաքելութեան նուիրեալ  տիպարը եղաւ այնպէս, ինչպէս քոյրերը պատկերացուցած էր միաբանութեան հիմնադիր հայրը` կարդինալ Անտոն Պետրոս Թ. Հասունեան:

Յանձինս մայր Արմինէ Մակարոսեանին` ունէինք այսպիսի վաստակաշատ նուիրեալ մը, որ իր հոգին Աստուծոյ յանձնեց կիրակի, 7 ապրիլ 2019-ին, նօսրացնելով  նուիրեալներու շարքերը այնպիսի պահու մը, երբ աւելի քան երբեք եկեղեցին եւ ազգը կարիքը ունին իր նմաններուն, որոնց անարատ սէրը հայ քոյրերու միաբանութեան կողմէ առաջադրուած  եկեղեցանուէր, ազգանուէր եւ հայրենանուէր առաքելութեան հանդէպ հանդիսացած է մղիչ ուժը իրենց անշահախնդիր գործունէութեան:

Կրօնական կեանքը ընդգրկելու կոչումը թերեւս բաւարար պիտի չըլլար, եթէ չըլլար զայն ամբողջացնող հոգեւոր եւ հայեցի կրթութիւնը,  զոր  Արմինէ Մակարոսեան ստացած էր հայկական միաբանութեան երէց քոյրերուն շունչին տակ ու անոնց վարժարաններուն մէջ, ուր   կազմաւորուած է վաղ մանկութենէն: Հռոմի իտալական եւ ապա ֆրանսական կրթական բարձրագոյն ուսումնարանները նպաստած են ժրաջան մայրապետին մէջ զօրացնելու կրօնական, մարդկային եւ ազգային արժէքներու անփոխարինելիութեան գիտակցութիւնը, որոնցմով օժտուած են միաբանութեան անդամուհիները: Մայր Արմինէ Մակարոսեան այնուհետեւ իր հերթին ջանացած է իր կենդանի օրինակով այդ գիտակցութիւնը փոխանցել իրեն վստահուած սերունդներուն, որոնք այսօր պիտի գան  խոնարհելու իր յիշատակին առջեւ:

 

 

 

 

Նախորդը

«Ես»-ի Ու «Միւս Ես»-ի Յարաբերութիւնը Գուրգէն Խանջեանի Վէպերուն Մէջ

Յաջորդը

Սեդային Յիշատակին

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.