ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Հուրի Սագաճեան եւ դստերք` Ալիք եւ Նայտա (Փարիզ)
Տէր եւ տիկին Ֆրանք եւ Ծովիկ Վանքլիֆ եւ զաւակները` Ստեֆան, (Հոլանտա) Ալին եւ Էմմա
Տէր եւ տիկին Փաթրիք եւ Ռեպեքա Հանրիքել եւ զաւակները` Անայիս եւ Միքայէլ (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Սերժ եւ Թալին Թութլուեան եւ դստերք` Մելինէ եւ Սթելլա (Նիս)
Տէր եւ տիկին Արմէն եւ Կարին Սագաճեան (Փարիզ)
Սագաճեան եւ Արզումանեան ընտանիքներ
Իփճեան եւ Հալէպլեան ընտանիքներ
Շամլեան եւ Երանոսեան ընտանիքներ
Վարդանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, քրոջ եւ հարազատին`
ԱՐԱՔՍԻ ՍԱԳԱՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 1 ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, Փարիզի մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ ուրբաթ, 5 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Իսի Լէ Մուլինօ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի «Տը Վանվ» գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւններուն համար կապ հաստատել`
e-mail: araxiesakajian@gmail.com
հեռ. 00 336 73735846 կամ 00 336 22714649:
————————————–
ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 5 ապրիլ 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հսկումի արարողութեան պիտի նախագահէ եւ քարոզէ
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՇՈՏ ԱԲՂՅ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
ՈՒԽՏԻ ՕՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ
ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ
Կիրակի, 7 ապրիլ 2019-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապի տօնին առիթով, բարձր հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. եւ անմահ պատարագ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջով ու սուրբերու նշխարներով հանդիսաւոր թափօր:
Իւրայատուկ այս առիթով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը խուռներամ մասնակցութիւն բերելու Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք Ս. պատարագին եւ հանդիսաւոր թափօրին:
Այս առիթով կիրակի, 7 ապրիլին թեմիս եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագը պիտի աւարտի ժամը 10:00-ին, որպէսզի ժողովուրդը ուղղուի դէպի Անթիլիասի մայրավանքը:
Դիւրացնելու համար թեմիս հաւատացեալ ժողովուրդին դէպի Անթիլիաս երթեւեկը, ստորեւ նշուած վայրերէն տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք դէպի Անթիլիաս պիտի ուղղուին առաւօտեան ժամը 10:00-ին.
1.- Ս. Յակոբ եկեղեցի
2.- Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
3.- Ս. Գէորգ եկեղեցի (Հաճըն)
4.- Ս. Յարութիւն եկեղեցի (Ռըմէյլ)
5.- Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
6.- Ս. Աստուածածին եկեղեցի
7.- Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
8.- Ս. Սարգիս եկեղեցի
9.- Ս. Երրորդութիւն մատուռ, Ֆանար
10.- Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռ, Ռաուտա
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱԼԻՍ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 7 ապրիլ 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, առաւօտեան ժամը 9:00-ին:
ԿԱՐՊԻՍ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆի (մահացած Միացեալ Նահանգներ, Նիւ Ճըրզի) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 7 ապրիլ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
ԾԱԽՈՒ ԿԱՄ ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Արաքս փողոց, Ա. յարկ, հեռ. 03-744538:
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի լիբանանցի երիտասարդ աշխատաւորներու` օրական վճարումի դրութեամբ: Դիմել` հեռ. 70-257767:
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Փորձառու դերձակ մը, կիներու եւ տղամարդոց հագուստներ նորոգող (ռեփարասիոն), Էշրեֆիէի շրջանին մէջ գտնուող վաճառատան մը համար: Դիմել` հեռ. 03-665180:
————————————–
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Արագածի շրջան, Համազգայինի շէնք, պլոք Ա., 7-րդ յարկ, 90 քառ. մեթր, գին` 130.000 տոլար:
Վճարման դիւրութիւն` 30.000 տոլար կանխավճար, իսկ մնացածը կ՛ապահովուի դրամատան միջոցով: Դիմել` հեռ. 03-526799:
—————————————
ԲԱՑԱՌԻԿ ԳՈՐԾԻ ԱՌԻԹ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի բեռնատարի (վան) վարորդներու (շէօֆեր):
Վճարման լաւ պայմաններ, նաեւ` ընտանեկան ապահովագրութիւն:
Հետաքրքրուողներ կրնան հեռաձայնել 03-244967 թիւին:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ԿԱՄ ԾԱԽՈՒ
ԽԱՆՈՒԹ
Ամանոսի շրջան, 50 քառ. մեթր + 40 քառ. մեթր վերնայարկ: Դիմել` հեռ. 03-782553:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
8 ՄԱՅԻՍ 2019
ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ
BRUNCH
9 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՌՈՒԲԷՆ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 10 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՌՈՒԲԷՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
ՇԱԲԱԹ, 11 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
ՇԱԲԱԹ, 18 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ 2019
1 ԵՒ 2 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ