Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պայէրն Միւնիխ, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ֆրայպուրկի դաշտին վրայ, նահանջեց 2-րդ դիրք` իր տեղը զիջելով Պորուսիա Տորթմունտին, որ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Վոլֆսպուրկի դէմ:
Ռոպերթ Լեւանտովսքի նշանակեց Պայէրնի հաւասարութեան կոլը (22-րդ):

Իսկ Տորթմունտի կոլերը նշանակեց Փաքօ Ալքասեր (90-րդ եւ 91-րդ):