ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ Ս. ԱՋԵՐՈՒ ԹԱՓՕՐ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապի տօնին եւ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐուան առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏին, տեղի պիտի ունենան հետեւեալ արարողութիւնները.
- 1-5 ապրիլ` եկեղեցական արարողութիւն` առաւօտեան ժամը 7:00-ին եւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
- Շաբաթ, 6 ապրիլ` Ս. եւ անմահ պատարագ` առաւօտեան ժամը 9:30-ին:
- Շաբաթ, 6 ապրիլ` Հսկումի արարողութիւն` երեկոյեան ժամը 7:00-ին:
Կիրակի, 7 ապրիլ
Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի, որուն պիտի հետեւի Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԱՋ-ով գլխաւորուած սրբազան մասունքներու թափօրը` Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու եւ քահանայից դասուն:
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ շրջակայից կաթողիկոսական փոխանորդ
Արարողութեանց եւ թափօրին պիտի հանդիսապետէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Ս. եւ անմահ պատարագին երգեցողութիւնը պիտի կատարուի կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՒԷՆ ԱԲՂՅ. ՆԱՃԱՐԵԱՆի:
Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, մայր տաճարին մէջ, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով պիտի կատարուի ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն, որմէ ետք հաւատացեալներ աջահամբոյրով պիտի ստանան Ս. Լուսաւորիչի Աջին օրհնութիւնը, զօրացնելու համար իրենց լուսաւորչահաստատ հաւատքը:
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակից դառնալու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի տօնին, կաթողիկոսարանի Ուխտի օրուան եւ մասունքներու թափօրին:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի վաստակաշատ ընկերներէն
ՃՈՐՃ ՏԱՂԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 29 մարտ 2019-ին, Հայաստանի մէջ:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Հոգշ. Տ. Հեթում աբղյ. Տաղլեան
Տիրամայր Մարալ Տաղլեան եւ դուստրը` Դալար
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ալինա Տաղլեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Սոնա Ճիպինեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Անի Տաղլեան եւ զաւակունք
Վարդանեան եւ Տաղլեան ընտանիքներ
Ճիպինեան եւ Թիթիզեան ընտանիքներ
Գոլըքսայեան եւ Մարտիրոսեան ընտանիքներ Գույումճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, ամուսնոյն, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՃՈՐՃ ՏԱՂԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 29 մարտ 2019-ին, Երեւանի մէջ, Հայաստան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 31 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Փարաքարի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Հանգուցեալին հոգւոյն համար հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի կիրակի, 31 մարտ 2019-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին «Նիկոլ Դուման» ակումբին մէջ, յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Նշան Փամուքեան
Տէր եւ տիկին Արա Փամուքեան
Տէր եւ տիկին Վիգէն Փամուքեան
Օրդ. Մարիա Փամուքեան
Արիանա, Սապրինա, Արա, Սոֆիա եւ Ռաֆայէլ Փամուքեաններ
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Երեւանեան եւ զաւակունք
Տիկին Սոնա Տիգիճեան եւ զաւակունք
Տիկին Թագուհի Տէմիրճեան եւ զաւակունք
Փամուքեան եւ Երեւանեան ընտանիքներ
Զէյթունցեան եւ Թաշճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ՀԱՅԿՈՒՇ ՓԱՄՈՒՔԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ, 1941-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 29 մարտ 2019-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 30 մարտին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 31 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Շողիկ Կարապետեան եւ զաւակները` Բալիկ եւ Շահան-Վարուժան
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Անի Գանտարժի եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Վարդուհի Պապիկեան եւ զաւակը
Օրդ. Մարալ Գանտարժի
Տէր եւ տիկին Շանթ եւ Ռեբեկա Կարապետեան եւ զաւակը
Գերպ. հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան
Տէր եւ տիկին Յովսէփ Պապիկեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարուժ Պապիկեան եւ զաւակունք
Օրդ. Մարալ Էրզրումեան
Տիկին Նաժաթ Կաուրիյէ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Փիեռ եւ Ամալ Կաուրիյէ եւ զաւակունք
Օրդ. Մարիրոզ Կաուրիյէ
Տէր եւ տիկին Սամի եւ Քլեր Տաքքաշ եւ զաւակունք
Կարապետեան եւ Գանտարժի ընտանիքներ
Պապիկեան եւ Գրիգորեան ընտանիքներ
Կաուրիյէ եւ Տաքքաշ ընտանիքներ
Էրզրումեան եւ Իւրնէշլեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, քեռայրին, հօրեղբօր զաւկին եւ հարազատին`
ՊԵՏՐՈՍ (ՊԵՏԻԿ) ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1960-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 28 մարտ 2019-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 30 մարտ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, շաբաթ, 30 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ կիրակի, 31 մարտին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
————————————–
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը հրապարակէ ելեկտրածին շարժակներու մարտ ամսուան հաշուեցուցակը` հիմնուելով ուժանիւթի նախարարութեան սակացոյցին վրայ:
Ժամական իւրաքանչիւր քիլովաթի համար 405 լիբանանեան ոսկի, որուն վրայ կ՛աւելնան մնայուն բաժնեգիները.
15.000 լիբ. ոսկի` 5 ամփեր
23.000 լիբ. ոսկի` 10 ամփեր
30.000 լիբ. ոսկի` 15 ամփեր
եւ 15 ամփերէն վեր 5000 լիբ. ոսկի` իւրաքանչիւր 5 ամփերին համար:
Իսկ առանց հաշուեցոյցի սարքերու բաժանորդներուն պարագային վճարումները կ՛ըլլան համաձայնաբար բաժանորդին եւ ելեկտրածին շարժակի տիրոջ միջեւ:
————————————–
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ այս կիրակի, 31 մարտ 2019-ին, յատուկ հանդիսութեամբ պիտի նշուի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին
Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ մատաղի օրհնութիւն:
Առաջնորդ սրբազան հայրը պիտի հասնի առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ Արաքս թաղի մուտքին պիտի արժանանայ ժողովրդային ընդունելութեան, ապա թափօրով պիտի առաջնորդուի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի:
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 12:30-ին
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին` դիմաւորելու առաջնորդ սրբազան հայրը ներկայ ըլլալու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան պատգամով:
ԾԱՆՕԹ.- Շաբաթ, 31 մարտ 2019-ին կրպակներու զետեղում:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
ՀՅԴ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ ԿՈՄԻՏԷԻՆ
ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
(ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)
ՇԱԲԱԹ, 30 ՄԱՐՏ 2019-ԻՆ,
ԿԷՍՕՐՈՒԱՆ ԺԱՄԸ 12:00-ԷՆ ՍԿՍԵԱԼ,
ԱՐԱՔՍ ՓՈՂՈՑԻՆ ՎՐԱՅ:
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ`
– «ԾԻԱԾԱՆ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻՆ
– ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԻ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ
– «ՀԱՅ ՇԵՓՈՐ»-ԻՆ
ԾԱՆՕԹ.- ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԿԷՍՕՐԷ ԵՏՔ ԺԱՄԸ 3:00-ԻՆ:
ՃՈԽ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ԵՒ ՀԱՃԵԼԻ ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐ:
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԷԼՄԱՍՏ ՄՍԸՐԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտամունք պիտի կատարուի կիրակի, 31 մարտ 2019-ին, Պուրճ Համուտի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
ԵՐՈՒԱՆԴ ՉԱԹԱԼՊԱՇԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 31 մարտ 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԿԱՐԱՊԵՏ ՀԱՆՆԷՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 31 մարտ 2019-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍՐԲՈՒՀԻ ՋԱՆԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 31 մարտ 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԿՈՄԻՏԱՍ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ – ՊԷՅՐՈՒԹ
ԸՆԹՐԻՔ – ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
Յատուկ մեծարանքի բաժին`
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԵՒ ՄԻՇԵԼ ԼԸԿՐԱՆԻ
Կատարողութեամբ`
ՔՐԻՍՏԻՆԻ ԵՒ ԻԶԱՊԷԼԻ
Շաբաթ, 30 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ, Զոքաք Էլ Պլաթ, Պէյրութ:
————————————–
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Արագածի շրջան, Համազգայինի շէնք, պլոք Ա., 7-րդ յարկ, 90 քառ. մեթր, գին` 130.000 տոլար:
Վճարման դիւրութիւն` 30.000 տոլար կանխավճար, իսկ մնացածը կ՛ապահովուի դրամատան միջոցով: Դիմել` հեռ. 03-526799:
—————————————
ԲԱՑԱՌԻԿ ԳՈՐԾԻ ԱՌԻԹ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի բեռնատարի (վան) վարորդներու (շէօֆեր):
Վճարման լաւ պայմաններ, նաեւ` ընտանեկան ապահովագրութիւն:
Հետաքրքրուողներ կրնան հեռաձայնել 03-244967 թիւին:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ԿԱՄ ԾԱԽՈՒ
ԽԱՆՈՒԹ
Ամանոսի շրջան, 50 քառ. մեթր + 40 քառ. մեթր վերնայարկ: Դիմել` հեռ. 03-782553:
—————————————
ՊԱՀԱԿԻ ԿԱՐԻՔ
Հայ աւետարանական քոլեճը (Քաղաք) կարիքը ունի մնայուն պահակի մը, որ 24 ժամ ներկայութիւն ապահովէ դպրոցին մէջ: Հետաքրքրուողներ դպրոցական ժամերուն կրնան հեռաձայնել 01-349816 թիւին` ժամադրութիւն առնելու համար:
————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
8 ՄԱՅԻՍ 2019
ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ
BRUNCH
9 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
ՇԱԲԱԹ, 18 ՄԱՅԻՍ 2019