19 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի ծննդեան օրն էր: Այս առիթով երէկ մեծ հայու դամբարան այցելեցին ՀՅԴ-ի, Սարդարապատի յուշահամալիրի, Հայոց ազգագրութեան թանգարանի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան խումբ մը ներկայացուցիչներ:
Արամ Մանուկեանի յուշարձանին առջեւ ծաղիկներ զետեղուեցան, ներկաները խոնարհեցան Արամ Մանուկեանի շիրիմին առջեւ եւ խնկարկեցին անմեռ յիշատակը հայոց յաւերժութեան երեւելի կերտողներէն մէկուն: