Ազրպէյճան Հայաստանի հետ սահմանին վրայ նոր զօրամաս տեղակայած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, զօրամասը կառուցուած է սահմանագօտիի Ղազախ-Աղստաֆա հատուածին մէջ:
Ազրպէյճանի սահմանային պետական ծառայութեան ղեկավար Էլչին Ղուլիեւի համաձայն, նոր զօրամասը կարեւոր է պետական սահմանի ամբողջականութեան ապահովման տեսանկիւնէն:
Ղազախի շրջանին հետ Տաւուշի մարզի սահմանը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ամէնէն երկար հատուածն է:



