Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԲԱԳԻՆ» ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ. ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ «ՀԱՅՈՒՀԻԻ ՄԸ ՕՐԱԳՐԷՆ» ԳԻՐՔԻՆ

December 15, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, երէկ` չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում` նուիրուած «Բագին»-ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեանի «Հայուհիի մը օրագրէն» գիրքին: Գիրքը ներկայացուց «Բագին»-ի խմբագիր Յակոբ Պալեան:

Բացման խօսքը արտասանեց Կարօ Աբրահամեան: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Սեդա Գրիգորեանի կենսագրական գիծերը եւ նկատել տուաւ, որ անոր կենսագրութիւնը իր անցած բոլոր հանգրուաններով` գաղափարական եւ զգացական ամբողջական անկեղծութեամբ, մաս կը կազմէ իր գրականութեան: «Սեդայի կենսագրութիւնը իր հրատարակած գիրքերուն մէջ է», հաստատեց Կարօ Աբրահամեան:

«Հայերէն գրելու եւ հայերէն գիրք հրատարակելու փորձութեան սփիւռքեան վերջին քամիքազներէն է Սեդա Գրիգորեան», յայտնեց Յակոբ Պալեան իր խօսքին սկիզբը` աւելցնելով, որ Ս. Գրիգորեան նաւարկած է գրականութեան եւ հրապարակագրութեան միջեւ: «Գիրքը կեանքին հետ բախումի պատմութիւն մըն է», հաստատեց Պալեան եւ նկատել տուաւ, որ գիրքին մէջ գտնուող 9 պատմուածքները եւ 20 հրապարակագրական գրութիւնները լաւ կամ վատ իրականութեան հետ բախում են, իսկ պատմուածքներուն հերոսները դրական թէ բացասական տիպարներ են, որոնք կու գան ժողովուրդի երակէն: Պալեան յայտնեց, որ Սեդա Գրիգորեանի պատմուածքները հաճելի կերպով կ՛ընկալուին ընթերցողին կողմէ, որովհետեւ ան պահ մը կը մոռնայ, որ գրականութիւն կը մշակէ եւ կը պատմէ:

Անդրադառնալով Գրիգորեանի հրապարակագրական էջերուն` Պալեան նկատել տուաւ, որ Սեդա Գրիգորեան ունկնդիր է իր լսածներուն ու տեսածներուն, եւ իբրեւ վկայ կ՛արտայայտէ դժուար պահերու, որոնք արձագանգած են իր մէջ: Հրապարակագրական էջերը ժամանակագրութիւն են, որոնք կ՛արդարացնեն գիրքին «օրագիր» ըլլալու բնոյթը:

Ընթերցման հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում:

Նախորդը

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԵՒ ՄԵՐՁԱԿԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՆՈՒԷՐ` ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

Յաջորդը

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՆՈՐ, ԱԶԱՏ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ

RelatedPosts

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները.  Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը
Գաղութային

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները. Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը

November 26, 2026
«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։