Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԵՒ ՄԵՐՁԱԿԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՆՈՒԷՐ` ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

December 15, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Վիզինովա» խումբին ելոյթէն պահ մը

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը աւանդութիւն դարձուցած է ամէն տարի շնորհաւորել Պուրճ Համուտի եւ մերձակայ շրջաններու դպրոցներու աշակերտներուն Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը` տարբեր նախաձեռնութիւններով:

Այս տարի շրջանի դպրոցներուն մանկապարտէզի եւ մանկամսուրի աշակերտները ստացան Նոր տարուան նուէրներ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ, իսկ նախակրթարանի աշակերտները` առաջինէն վեցերորդ դասարան, առիթ ունեցան խանդավառ ու ուրախ պահեր անցընելու:

Արդարեւ, երէկ` չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ուքրանական «Վիզինովա» խումբի երկու անջատ ելոյթներուն ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի եւ մերձակայ շրջաններուն մէջ գտնուող դպրոցներու աշակերտները, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի աշակերտները: Այս ելոյթներուն ներկայ եղան նաեւ ՔԱՀԼ-ի եւ ընկերային տարբեր կեդրոններու խնամքին վստահուած փոքրիկները:

Ճորճ Գրիգորեան

26 դպրոցներու աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան, որ նաեւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը` մաղթելով, որ եկող տարին ըլլայ բարեբեր: Ան բարի վայելում մաղթեց աշակերտներուն` նշելով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ամէն տարի կը փորձէ ուրախութիւն սերմանել իր շրջանին մէջ գտնուող դպրոցները յաճախող աշակերտներուն սրտերուն մէջ, իսկ այս տարի ծրագրեց այս գեղարուեստական յայտագիրով շնորհաւորել անոնց Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, թէկուզ քիչ մը կանուխ:

Ապա ուքրանական գեղարուեստական խումբին անդամները իրենց ճկուն ու խանդավառ պարերով, գեղեցիկ ու գունազարդ զգեստներով, զուարճալիքներով եւ այլ հետաքրքրական ներկայացումներով արժանացան աշակերտներուն բուռն ծափողջոյններուն, անոնց խանդավառ արտայայտութիւններուն եւ քաջալերանքին: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւող ներկայացումները խինդ ու ծիծաղ սերմանեցին աշակերտներուն դէմքերուն վրայ, նաեւ անոնց մօտ ստեղծեցին ուրախ մթնոլորտ, մանաւանդ որ ելոյթներուն ընթացքին հրամցուածները նորարարութեամբ եւ գեղեցիկ արուեստով լեցուն էին:

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՍԵՌԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

«ԲԱԳԻՆ» ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ. ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ «ՀԱՅՈՒՀԻԻ ՄԸ ՕՐԱԳՐԷՆ» ԳԻՐՔԻՆ

RelatedPosts

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները.  Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը
Գաղութային

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները. Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը

November 26, 2026
«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։