ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
«Հայ կինը արդէն շատոնց հաւասար կարելիութիւններ ունի», «սեռային խտրութեան հարց չկայ հայկական ընկերութեան մէջ», «100 տարի առաջ հայ կինը ստացած է քուէարկութեան իրաւունք» եւ այլ պատճառաբանութիւններ կը լսէք, եթէ կիներու իրաւունքներ հետապնդելու մասին խօսիք հայկական ընկերութեան մէջ:
Արդեօք ճի՞շդ է. կիներու նկատմամբ բռնութիւն բնաւ չկա՞յ հայկական ընկերութեան մէջ:
Այս տարի, 8 մարտին, Կիներու միջազգային օրուան առիթով, կ՛ուզեմ կանգ առնել կիներու նկատմամբ բռնութեան երեւոյթին վրայ:
Շաբաթ մը չ՛անցնիր, որ չհետեւիմ հայաստանեան մամուլին եւ այդտեղ չկարդամ, որ այսինչ գիւղին մէջ մէկը իր մայրը սպաննած է, այնինչ մարզին մէջ ուրիշ մը` իր քոյրը, կամ այդինչ քաղաքին մէջ երրորդ մը` իր կինը:
Հակառակ անոր որ Հայաստանի Ազգային ժողովը ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասին օրէնք որդեգրած է, սակայն բռնութիւնը տակաւին կը շարունակուի: Ըստ «Ընդդէմ կանանց դէմ բռնութեան քոալիսիոն» ոչ կառավարական կազմակերպութեան, միայն 2017-ի առաջին կիսուն չորս կիներ սպաննուած են իրենց ընտանիքի անդամներուն կողմէ, 2010-2017 տարիներուն միջեւ 50 կիներ սպաննուած են. սեպտեմբեր 2017-ին 5.299 բողոքի հեռաձայն ստացած էր «Ընդդէմ կանանց դէմ բռնութեան քոալիսիոն» ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը` բռնութեան մասին:

Լռել` ի տես այս իրականութեան, կա՛մ կը նշանակէ հեռու մնալ հայկական հասարակական կեանքէն` ապրելով այն պատրանքին մէջ, որ երեւակայական հաւասարութիւն կը տիրէ երկու սեռերուն միջեւ, եւ որ` սեռի վրայ հիմնուած բռնութիւն ու այլ սեռային խտրական մօտեցումներ գոյութիւն չունին, կա՛մ ալ կը նշանակէ ընդունիլ, որ կայ սեռային բռնութիւնը` միաժամանակ համաձայնելով արաբական ժողովրդային ու հանրածանօթ «Լռութիւնը գոհունակութեան նշան է» առակին:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասին օրէնքի որդեգրումին, պէտք է նշել, թէ որքան ալ որ Ազգային ժողովին կամ այլ պետական հաստատութիւններուն մէջ օրէնքներ որդեգրուին, անիմաստ կը մնան, եթէ յիշեալ օրէնքներուն արժէքները չփոխանցուին հասարակութեան. կիներու նկատմամբ բռնութիւնը, ինչպէս` որեւէ տեսակի բռնութիւն, հասարակութեան արտադրանքն է` իբրեւ հետեւանք հայրիշխանութեան, որ իր կարգին ծնունդ առած է մարդկային ընկերութեան մէջ հազարաւոր տարիներէ ի վեր եւ հետագային արմատացած է մարդկային հասարակութեան մէջ` ներգրաւելով մեր առօրեայ կեանքէն տարբեր մարզեր:
Քանի որ կիներու նկատմամբ բռնութեան աղբիւրը կը բխի հասարակական համակարգէ եւ մտածելակերպէ, հետեւաբար հասարակութեան մէջ պիտի մղուի պայքարը ընդդէմ ամէն տեսակի սեռային խտրականութեան:
Հասարակութիւնը, որ պէտք է լուսաբանել կիներու նկատմամբ բռնութեան պատճառներու ծագման մասին եւ այս երեւոյթի յաղթահարման միջոցները գտնել:
Շատ ցաւալի երեւոյթ է, որ 21-րդ դարու ընթացքին Հայաստանի մէջ կիներ կը սպաննուին` միջնադարեան հայրիշխանական մտածելակերպէ ներշնչուած սեռային բռնութեան պատճառով:
Պէտք չէ լռել ի տես կիներու նկատմամբ բռնութեան:
21-րդ դարու արդիականութիւնը պէտք է յաղթահարէ միջնադարեան հայրիշխանութեան:



