Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճափոնցի Հայագէտ Թաքայուքի Եոշիմուրա` «Ազդակ»-ի Մէջ

March 7, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Ազդակ» այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում ունեցաւ Թոքիոյի օտար լեզուներու համալսարանի Ասիոյ եւ Ափրիկէի լեզուներու եւ մշակոյթներու հիմնարկի գիտաշխատող, ճափոնցի հայագէտ դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա: Ճափոնցի հայագէտը ամէն տարի կ՛այցելէ Պէյրութ` ակադեմական փորձի փոխանակման ծիրին մէջ: Այս տարի ան Լիբանան կը գտնուէր մասնակցելու համար Պալամանտի համալսարանին մէջ Միջին Արեւելքի կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն մասին կազմակերպուած գիտաժողովի մը, որուն ընթացքին անցեալ շաբաթ անգլերէնով դասախօսած էր լիբանանահայութեան մասին:

Հանդիպման ընթացքին Թաքայուքի Եոշիմուրա տնօրէնութեան ներկայացուց իր պատրաստած եւ հրատարակած «Հայերէն-ճափոներէն գրպանի բառարան»-ը: Եոշիմուրա եղած է առաջին ճափոնցի ակադեմականը, որ Ճափոնի մէջ գրած է արեւելահայերէնի դասագիրք, որ նախատեսուած է բոլոր այն ճափոնցիներուն համար, որոնք հետաքրքրուած են հայոց լեզուով եւ մշակոյթով: Հանդիպման ընթացքին ճափոնցի հայագէտը նաեւ տեղեկացուց, որ յառաջիկային Թոքիոյի մէջ կազմակերպուելիք համերգի մը ընթացքին մեծ շուքով պիտի նշուի Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը:

Ընդառաջելով «Ազդակ»-ի խմբագրութեան առաջարկին` դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա համաձայնութիւն յայտնեց դառնալու «Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ լսարաններու շարքի յաջորդ հիւր-զեկուցաբերը` դասախօսութեան հիմնական նիւթ ունենալով «Հայագիտութիւնը` Ճափոնի մէջ»: Դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի արեւելահայերէնով:

Նախորդը

Ազգային Առաջնորդարանի «ԱՅՈ» Երիտասարդական Յանձնախումբի Վարչութեան Կազմութիւն

Յաջորդը

Փրոֆ. Սամուէլ Մուրատեան Այցելեց «Ազդակ»

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.