Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ «ՀԱՅ ԵՒ ԻՏԱԼԱՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ ՄԵՐՁԵՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐ ՉԿԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՃՈՐՃԻՕ ՆԱՓՈԼԻԹԱՆՕ

December 14, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահներ Սարգսեան եւ Նափոլիթանօ

Աշխատանքային այցելութեամբ Իտալիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանոյի հետ:

Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ մինչեւ հիմա մեծ սիրով կը յիշէ Իտալիոյ միաւորման 150-ամեակին առիթով իր այցելութիւնը Իտալիա եւ մասնակցութիւնը տօնական հանդիսութիւններուն: Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց, որ հայ գրատպութեան 500-ամեակի սկիզբը` Վենետիկի ցուցահանդէսը, տեղի կ՛ունենայ նախագահ Նափոլիթանոյի բարձր հովանաւորութեամբ:

Այս առնչութեամբ Իտալիոյ նախագահը ըսաւ, որ Վենետիկը հայերուն համար մեծ դերակատարութիւն ունեցած է` յատկապէս կրթութեան, մշակոյթի զարգացման առումով կարեւոր յենակէտ դառնալով: Ըստ Նափոլիթանոյի, երկու ժողովուրդներուն մերձեցման համար խոչընդոտներ գոյութիւն չունին:

Երկու նախագահները համոզում յայտնեցին, որ Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը լաւ կարելիութիւն է բարձր մակարդակով քննարկելու հայ-իտալական յարաբերութիւնները, ուրուագծելու համագործակցութեան նոր եւ հեռանկարային մարզեր: Հայաստանի եւ Իտալիոյ նախագահները այդպիսի մարզեր նկատած են ուժանիւթը, մասնաւորապէս` այլընտրանքային, նաեւ հիւլէական ուժանիւթը: Նախագահ Սարգսեան իտալական ընկերութիւնները եւս հրաւիրած է մասնակցելու Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, ներառեալ` նոր հիւլէական կայանի կառուցման` նկատի ունենալով այս մարզին մէջ Իտալիոյ փորձը:

Նախագահներ Սարգսեան եւ Նափոլիթանօ անդրադարձան նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, շրջանային խնդիրներուն, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԻՏԱԼԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ
ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի նախագահին ուղեկցող պատուիրակութեան կազմին մէջ Հռոմ գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճուլիօ Թերցիի հետ:

Նախարար Նալբանդեան իր ուրախութիւնը յայտնեց Թերցիի հետ Հռոմի մէջ հանդիպում ունենալուն համար եւ անձամբ շնորհաւորելու զայն արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ միացեալ ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ աւելի խորացնել երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւնը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպման մասնակիցները անդրադարձան հայ-իտալական քաղաքական, առեւտրական-տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման եւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման առնչուող տարբեր հարցերու:

Մշակութային փոխանակումներու տեսանկիւնէն Էդուարդ Նալբանդեան կարեւոր նկատեց Հռոմի մէջ «Դուին. Հայաստանի մայրաքաղաքը Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ» եւ Վենետիկի մէջ «Հայաստան. Քաղաքակրթութեան դրոշմներ» ցուցահանդէսներու կայացումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ կառավարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ մշակութային արժէքներու վերականգնողական կեդրոնի հիմնադրման համար:

Քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան տարբեր ուղղութիւնները, Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի ծիրին մէջ իրականացուող նախագիծերը, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ շրջանային խնդիրներ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները:

 

Նախորդը

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐՔՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ՊԻՏԻ ԴՐՈՒԻ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը  Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական  Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»
Հայկական

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»

November 28, 2026
Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման  Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին  Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»

November 28, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։