Հայկական լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Հայաստանի ճատրակի աղջկանց հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ աշխարհի խմբային ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտինի մէջ` 18-27 դեկտեմբերին (ընդամէնը` 9 հանգրուան):
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տասը հաւաքականներ, որոնք լաւ արդիւնք արձանագրեցին Խանթի Մանսիսքի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիականի խաղերուն եւ Յունաստանի մէջ կատարուած Եւրոպայի ախոյեանութեան: Անոր պիտի մասնակցի նաեւ հիւրընկալ երկիրը` Թուրքիա:
Նշենք, որ 2011-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը 19 կէտով գրաւեց 7-րդ դիրքը:
Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Ռուսիա, Չինաստան, Ուքրանիա, Վրաստան, Հնդկաստան, Վիեթնամ, Յունաստան, Հարաւային Ափրիկէ եւ Թուրքիա:


