Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնի կազմակերպած Քրոս Քաունթրիի տարիքային խմբային ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 17 փետրուար 2019-ին: Անոր իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ներկայացուցչական խումբը, զոր կը ներկայացնէին ՀՄԸՄ Պէյրութն ու ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը:
Մրցումները տեղի ունեցան Ժամհուր վարժարանի շրջափակին մէջ, առաւօտեան ժամը 7:45-էն սկսեալ, եւ աւարտեցան ժամը 12:30-ին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք մասնակցող մարզիկներուն անունները`
1999 եւ վեր` Խաչիկ Սերոբեան
2000/2001-ի ծնունդ` Նարեկ Փանոսեան, Սարգիս Աբգար, Հրակ Թորոսեան, Համազասպ Օհան, Սէրուժ Նորամանեան, Սեւակ Չաթալեան, Մարիան Գըլընճեան
2002/2003-ի ծնունդ` Սերժ Չոլաքեան, Հրայր Աբգար, Հրակ Ճինպաշեան, Սերժիօ Վարդիվառ
2004/2005-ի ծնունդ` Փաթիլ Ասատուրեան (Ախոյեան), Արմէն Եղիայեան, Յակոբ Մարտիրոսեան
2006/2007-ի ծնունդ` Վարդօ Ասատուրեան, Աւօ-Ալեն Թորոսեան, Սերժիօ Թութիկեան, Կի Խանճեան
2008/2009-ի ծնունդ` Սթեֆանի Տիշչէքէնեան, Շուշի Գասապեան, Սելին Պէրպէրեան, Աստղիկ Կիրակոսեան, Յակոբ Ապտալեան, Յակոբ Ներսէսեան: