«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին երկու ճակատումներ: Վաղուան յայտագիրին վրայ եւս կան երկու մրցումներ:
Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը կը խոստանայ ըլլալ այսօրուան Լիվըրփուլ – Պայէրն Միւնիխ մրցումը, իսկ Պարսելոնա այսօր հիւրը պիտի ըլլայ Լիոնի:
Վաղը Աթլեթիքօ Մատրիտ կը հիւրընկալէ Եուվենթուսը, իսկ Շալքէ` Մանչեսթըր Սիթին:
Այս չորս մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Լիվըրփուլ – Պայէրն Միւնիխ մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ իտալացի Ճիանլուքա Ռոքքի:
Այստեղ նաեւ տեղին է նշել, որ եթէ իրաւարարները ուզեն որեւէ կասկածելի երեւոյթ մը դարձեալ դիտել, պիտի դիմեն ՎԱՐ համակարգին: