Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու ախոյեանութիւնը` Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), մասնակցութեամբ 32 ակումբներու, որոնք բաժնուած էին 8 խմբակներու:
Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքը գրաւողը ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
Տղոց մրցաշարքին գծով, յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահովեցին Ղատիր Ժըպշիթ, Ահլի Սայտա, Անդրանիկ Պէյրութ, Լիուա Սայտա, Շարթիէ Տար Նուր Տահր Այն, Սարաֆանտ Ռիատի, ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա:
Իսկ աղջկանց պարագային (13 խումբ, 4 խմբակ), կիսաւարտականի առաջին զոյգը կազմեցին Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա եւ Շարթիէ Տար Նուր, իսկ երկրորդին իրարու դէմ պիտի մրցին Նատուա Քամաթիէ եւ Մոն լա Սալ: