Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, կոլի եւ էսիսթի հեղինակ դառնալով Ֆրոսինոնէի դէմ Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն, կրկնեց իր անձնական մրցանիշը:
34 տարեկան Ռոնալտօ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երկրորդ անգամն ըլլալով կոլի եւ էսիսթի հեղինակ կը դառնայ` յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով: Ան այս ամիս այդ իրագործումը կատարած էր Փարմայի եւ Սասուոլոյի դէմ կատարուած մրցումներուն:
Ան այդ իրագործումը առաջին անգամ կատարած էր Նոյեմբեր 2014-ին, երբ մաս կը կազմէր Ռէալ Մատրիտին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Եուվենթուս այժմ 66 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:



