Առողջապահութեան նախարար Ժամիլ Ժապաք երէկ Մսայլեհի մէջ այցելեց հոգեկան հիւանդներու յատուկ «Ֆանար» հիւանդանոցը:
Այցելութեան աւարտին Ժապաք շեշտեց, որ ինք հոն վկայած է բարոյական, ընկերային եւ առողջապահական ողբերգութիւն մը:
«Ասիկա հիւանդանոց չէ», ըսաւ նախարար Ժապաք` հաստատելով, որ «Ֆանար»-ի թղթածրարը պիտի փոխանցէ ընդհանուր դատախազութեան, որպէսզի այդ մասին հետաքննութիւն բանայ:
Ժապաք ընդգծեց, որ «Ֆանար» հիւանդանոցը առաւելագոյնը երեք օրէն պիտի փակուի, իսկ հիւանդները պիտի փոխադրուին այլ հիւանդանոցներ:
Ժամիլ Ժապաք շեշտեց, որ ինք «Ֆանար» հիւանդանոց այցելած է ընկերային եւ բարոյական կացութիւն մը լուծելու եւ ոչ թէ տեղեկատուական քարոզչութիւն կատարելու:
Ան աւելցուց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը այս հիւանդանոցին մէկ միլիառ երեք հարիւր յիսուն միլիոն լ. ոսկի կը վճարէ, անկախ տարբեր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ կատարուած օժանդակութիւններէն, ինչպէս նաեւ այդ հիւանդանոցին մէջ բուժուող պարագաներէն:
«Այս հիւանդանոցին մէջ քնանալու, լոգանքի եւ ուտելու տեղ չկայ: Կը զարմանամ, թէ ինչպէ՞ս հոգեկան եւ ֆիզիքական հիւանդութիւններէ տառապողներ կրնան հոն մնալ», ըսաւ Ժապաք:
Ան նշեց նաեւ, որ «Ֆանար»-ի մէջ կան պարագաներ, որոնց ինքնութիւնը անյայտ է` նկատել տալով, որ ներքին գործոց նախարարութենէն պիտի խնդրէ անոնց լուսանկարները հրապարակել` անոնց հարազատները բացայայտելու նպատակով:



