ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Այսօրուան արդիականացած աշխարհին մէջ մարդկութիւնը տարբեր տեսակի փոփոխութիւններու ենթարկուած է: Մտային արդիականացումը մեզ անջատած է մեր մարդկային, աւանդական ու կրօնական պատկանելիութենէն եւ մեզ դէպի անորոշը առաջնորդած է: Երբ մարդը իր մարդկային եւ մտային արժանիքներէն կը հեռանայ, անասնական աշխարհին կը սկսի աւելի մօտենալ…
Դժբախտաբար այս արդիականացման երեւոյթը, ազատութիւնն ու մարդկային իրաւունքները պաշտպանողները սուտ վերնագիրներու տակ մարդիկը կը խաբեն եւ դէպի անդունդ կ՛ուղարկեն: Միասեռականութեան եւ աղանդներու իրաւունքներու ազատութեան պահանջը այսօրուան արդիականացած աշխարհի շարքերուն մաս կազմելով` ընտանիքներու քայքայման գլխաւոր պատճառներէն մէկը կը հանդիսանան…
18-րդ դարու ֆրանսացի փիլիսոփաներէն Վոլթերը շատ հետաքրքրական խօսք մը ունի, ուր կ՛ըսէ. «Երբ կ՛ուզես գիտնալ, թէ ո՛վ կ՛իշխէ քու վրադ, նայէ, թէ որո՛ւ արգիլուած է քննադատել»: Երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ կրօնի կարեւորութեան, սաղմի ապրելու իրաւունքի, ինքնութեան պահպանման, ընտանիքի կարեւորութեան եւ խաղաղութեան մասին կը խօսի, նաեւ, երբ դէմ կը խօսի աւանդական արժէքը վտանգող երեւոյթներուն, կը քննադատուի եւ կ՛անարգուի… Եթէ նոյնիսկ նախագահին քաղաքական եւ անձնական կեանքի ընթացքին դէմ ենք, չենք կրնար իր պահպանողական պահանջները անոնց զոհը դարձնել, վստահաբար շատ մը ուրիշ ղեկավարներ տեսակաւոր սխալներու մէջ են, եւ զարմանալիօրէն մէկը տեղեակ չէ անոնցմէ…
Երբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ուղղափառ եկեղեցւոյ կարեւորութեան մասին կը խօսի` իբրեւ ռուս ժողովուրդի արմատը եւ ինքնութեան պահպանող ազդակը, աշխարհի լրատուական ցանցերուն մեծ մասը կը ծածկէ զայն… Հարկ է յիշել, որ քաղաքական գետնի վրայ պէտք չէ խանդավառուինք ժամանակաւոր խոստումներով եւ երեւոյթներով, այլ պէտք է սպասենք եւ առիթ տանք խոստումներու իրականացման…
Հայաստան աշխարհը երկրորդ երկիրը կը հանդիսանայ Վատիկանի կողքին, ուր եկեղեցին իր դերակատարի կշիռը ունի իշխանութեան կողքին: Պէտք է զգուշանանք, որ այս կամ այն պատճառով Հայ եկեղեցին իր կշիռը չկորսնցնէ, միշտ յիշենք, որ մեր ինքնութեան պահպանման ու գոյատեւման ազդակներէն մէկն ալ հայոց ազգային եկեղեցին է: Որոշ է, որ այսօրուան մարտահրաւէրները կը ձգտին աւանդական օճախները քանդել եւ ժողովուրդներ դէպի աշխարհի անորոշ եւ խաբուսիկ մթնոլորտին մէջ լուծել: Հարկ է, որ արթննանք եւ պայքարինք այն բոլոր ազդակներուն դէմ, որոնք մեր գոյատեւումը կը վտանգեն` որպէս հայի եւ մեր արժանիքներէն անջատելով` դէպի կորուստի կ՛առաջնորդեն մեզ…
Երկու տարի առաջ, երբ ընտանիքիս հետ Գառնի տաճար կ՛այցելէի, անակնկալի եկանք, երբ ականատես եղանք արտակարգ երեւոյթի մը: Սփիւռքահայ զոյգ մը իր ընտանեկան պարագաներուն հետ ժամանած էր Հայաստան, որպէսզի Գառնի տաճարին մէջ հեթանոսական արարողութեամբ պսակուի: Տաճարին մէջ ներկայ էին երկու այր եւ մէկ կին «վարդապետ», որոնցմէ մին տաճարին մէկ անկիւնը գացած` յատուկ զգեստ մը կը հագնէր, իսկ միւս երկուքը իրենց հետ բերած գոյքերը կը զետեղէին տաճարին խորանին վրայ եւ շուրջը, իսկ հարսնեւորները տաճարին դուրսը հաւաքուած` կը սպասէին: «Վարդապետները» իրենց հետ բերած էին ջահ մը, որուն մէջ զետեղած էին փայտի կտորներ, դաշոյն, յատուկ ծածկոց, գիրք, կաւէ կուժ եւ աման, վանդակի մը մէջ աղաւնի ալ ունէին: Երազի նման բան մըն էր: Չհանդուրժելով եղածը, արարողութիւնը չսկսած, նախընտրեցինք հեռանալ: Ետքը տեղեկացայ, որ Հայաստանի քաղաքացի հեթանոս փոքրամասնութեան աղօթատեղին է այդ տաճարը: Դժբախտաբար այսօր հեթանոսութիւնը, ինչպէս նաեւ աթէիստութիւնը շատերու արդիական մտածելակերպին մաս կազմած են իբրեւ նորաձեւութիւն: Քանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտօ երբ քանապիս թմրեցուցիչ ծխախոտի գործածութիւնը օրինական դարձուց իր երկրին մէջ, քննադատող չեղաւ, այլ շատ քաջալերողներ եղան:
90-ական թուականին, երբ լիբանանեան պատերազմի պատճառով ընտանիքիս հետ Քանատա հաստատուած էի, օր մը զբօսանքի դադարին, երբ դպրոցիս լուացարանը մտայ, ինձմէ բարձր դասարանի աշակերտ մը տեսայ, որ բացայայտօրէն թմրեցուցիչ կը գործածէր, առանց վարանելու` հեռացայ: Ծնողքիս դաստիարակութեան ազդեցութիւնը միակ պատճառն է, որ զիս հեռու պահած է թմրեցուցիչի գործածութենէն եւ նոյնիսկ` փորձել ուզելէն: Երբ աշխարհի տարածքին միասեռականներուն ամուսնութեան եւ զաւակ որդեգրելու իրաւունքին օրինական ըլլալը կը պահանջուի, շատեր կը քաջալերեն, եւ անոնք, որոնք դէմ կը հանդիսանան, կը քննադատուին եւ կը հալածուին նոյնիսկ` լրատուութեան կողմէ: Ամէն գիտակից ծնող շատ գործ ունի ընելիք, երբ չ՛ուզեր, որ իր զաւակը արդիականացման զոհ դառնայ: Սկսելով` պէտք չէ քաջալերել անսովոր երեւոյթները, այլ աւանդական, կրօնական նաեւ ընտանեկան լաւ տեսակի դաստիարակութիւն պէտք է շնորհել: Միշտ Մայր Թերեզային հռչակաւոր խօսքը պէտք է ի մտի ունենալ եւ գործադրել. «Եթէ աշխարհը փոխել կ՛ուզես, տունդ վերադարձիր եւ ընտանիքդ սիրէ»: Վստահ եմ, որ սէրը կարող է մեր շրջապատի ամէն տեսակի դժուարութիւնները մեղմացնել եւ հոգեկան կեանքի կարգ մը պակասները լրացնել: Ապա թէ ոչ` այդ պակասները պիտի լրացուին սխալներով, եւ մեր ընտանիքը տեղի պիտի տայ բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներուն առջեւ: Սէրը, մեզ մեր կողակիցին եւ զաւակներուն մօտեցնելու կողքին, նաեւ առիթ կ՛ընծայէ, որ իրենց ամենափոքր մտահոգութիւններուն տեղեկանանք…
Միշտ ի մտի ունենանք, որ երբ ականջ չտանք մեր զաւկին ունեցած ամենափոքր մտահոգութեան, հետագային, երբ աւելի մեծ մտահոգութեան առջեւ ըլլայ, այս անգամ մեր զաւակը իր կարգին ծնողքին տեղեակ պահելու կարիքը պիտի չզգայ: