Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Մանչեսթըր Սիթիի արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ հեթրիքի հեղինակ դարձաւ` Արսենալի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր-լիկ»-ի մրցումին ընթացքին (3-1):
Ան այսպիսով «Փրեմիեր-լիկ»-ին մէջ 10-րդ անգամ ըլլալով հեթրիքի հեղինակ կը դառնար եւ կը շրջանցէր Լիվըրփուլի նախկին յառաջապահ Ռոպի Ֆաուլիրը` բարձրանալով 2-րդ դիրք:
Նշենք, որ մրցանիշը կը պատկանի Նիւքասըլի նախկին յառաջապահ Էլըն Շիրըրին, որ 11 հեթրիք իրագործած է:



