Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ. Վրէժ Արմէնի «Ոստայն 10 – Ժպտամարտ» Հատորը

January 31, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 10 – ժպտամարտ» առցանց հատորը, որ կը պարունակէ 38 երգիծական յօդուածներ:

«Ինչո՞ւ այս հատորը» վերնագրուած նախաբանին մէջ հեղինակը դիտել կու տայ, որ ընթերցողը կրնայ ժպտիլ կամ խնդալ` կարդալով այս գրութիւնները, սակայն անոնց նպատակը խնդացնել չէ. «Անոնք արդիւնք են տարիներու ընթացքին զգացուած նեղութիւններու, ապրուած հիասթափութիւններու, հանդիպած այլանդակութիւններու, զայրոյթի եւ ընդվզումի», կը գրէ ան, ապա կ՛աւելցնէ. «Եթէ ընթերցողը այս ակնարկներուն մէջ տեսնէ մեր հաւաքական կեանքին վերաբերող` իրեն ծանօ՛թ իրավիճակներ` պատահականութեան արդիւնք չէ՛ ատիկա, քանի որ, վստահ եմ, միայն գրողը չէ, որ կ՛անդրադառնայ այս երեւոյթներուն: Եթէ ընթերցողը իրեն ծանօթ դէմքերու ալ յատկանիշները նկատէ, թող այդ ալ պատահականութեան չվերագրէ: Այդ դէմքերը, կարեւոր չեն անունները, որոնք չեն տրուած, անհատներ չեն, կերպարնե՛ր են, որոնց կը հանդիպինք ամէն օր, ամէն տեղ, բոլո՛ր ժամանակներուն: Իր օրին Յակոբ Պարոնեանն ալ նման դէմքերու հանդիպած է, գիտէք: Վերջապէս, եթէ ընթերցողը ինքզի՛նք տեսնէ այստեղ ու խնդա՛յ, այդ կ՛ըլլայ մեծագո՛յն վարձատրութիւնս…»:

Իր կարգին, «Կարդալէ առաջ…» իր ներածականին մէջ բժ. Արմենակ Եղիայեան կը մատնանշէ. «Այստեղ, բոլորովին fictif գոյութիւն չունեցած կուսակցութիւններու եւ կուսակցականներու, միութիւններու եւ միութենականներու,  տեղի չունեցած ժողովներու եւ ժողովականներու, չկայացած հանդիսութիւններու եւ հանդիսականներու ընդմէջէն, համակրելի ու  բոլորովին իւրայատուկ հնարամտութեամբ մը, այլեւ սեւեռումով ու սուր հեգնանքով մը Վրէժ-Արմէն խոշորացոյցի տակ կ’առնէ  սփիւռքահայ  կուսակցութիւններու, կուսակցականներու, ազգային գործիչներու բարքերուն ծիծաղելի, անհեթեթ ու սնամէջ երեսները, որոնց ծանօթացած է, եւ որոնք բիւրեղացած են իր գիտակցութեան մէջ իր ազգային, ընկերային ու կուսակցական գործունէութեան երկարամեայ  ծառայութեան բերումով»:

Հատորին շապիկի գծագրութիւնը, անգամ մը եւս, գործն է Կարօ Մարկոսեանի: Այս գիրքին մէջ ներառուած են նաեւ Տեմսի Արզումանեանի երգիծանկարները, ինչպէս նաեւ` Յակոբ Ճանպազեանին եւ Զաւէն Սարգիսեանին գծմծումները:

Հեղինակին վերջին եօթը հատորները` սկսեալ «Ոստայն 4»-էն, մատչելի են ընթերցողին հայերէնblog կայքէջի «Գիրքեր» բաժնին մէջ: (https://hayerenblog.wordpress.com/Գիրքեր): Այնտեղ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակին ոչ անձնական բնոյթի նամականին, որ հետզհետէ պիտի ամբողջանայ:

 

5 յունուար 2019

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Պատմութիւնը Շարունակելու Պատրաստակամութեամբ

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.