Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՊԷՏՔ Է ՈՐՈՇՈՒՄ ԿԱՅԱՑՆԷ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ` ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐԸ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ՊԱՀԱՆՋԻՆ ՀԱՐՑՈՎ

December 12, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ տարի Լոս Անճելըսի Դաշնակցային դատարանը երկու առանձին հայց ներկայացուցած է` ընդդէմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ անոր երկու մեծ դրամատուներուն` 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք հայերէն գրաւուած կալուածներուն դիմաց փոխհատուցում պահանջելով:

Առաջինը խմբային հայց էր, որով կը պահանջուէր միլիառաւոր տոլարներու հասնող գումարներ` Թուրքիոյ հանրապետութենէն, «Զիրաաթ» դրամատունէն եւ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունէն, որոնք անարդարօրէն հարստացած էին Ցեղասպանութեան ժամանակ տեղահանուած եւ կոտորուած հայերուն պատկանող գոյքերու իւրացումով:

Երկրորդ դատական գործով, որ յարուցուած էր երեք ամերիկահայերու կողմէ, կը պահանջուէր 64 միլիոն տոլար` Ատանայի ու Թուրքիոյ մէջ գրաւուած կալուածներուն դիմաց, առաւել քանի մը միլիոն` անցած 60 տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ կատարուած վարձավճարներուն եւ անոնց կուտակուած տոկոսագումարներուն դիմաց, որոնք վճարուած են հայ հայցուորներու ընտանիքներուն պատկանող հողին վրայ կառուցուած «Ինճիրլիք» ռազմակայանի օգտագործման համար:

Երբ այս երկու դատական գործերը յարուցուեցան, Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ իր երկու դրամատուները ծաղրեցին այդ մեղադրանքները` պնդելով, որ Միացեալ Նահանգներու դատարանները իրաւունք չունին դատելու ուրիշ կառավարութիւններու գործողութիւնները: Դատավարութիւնները խափանելու համար թրքական կողմը չընդունեց իրաւական փաստաթուղթերը, որոնք դատական գործին ընթացք տալու առաջին քայլը կը համարուին: Երկար ժամանակ մուկ ու կատու խաղալէ ետք, թուրք պաշտօնատարները վերջապէս ստացան դատարանի փաստաթուղթերը, որոնք անոնց փոխանցուեցան Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան միջոցով, արտաքին գործոց նախարարութեան պահանջով:

Դժկամութեամբ ընդունելով դատարանին թուղթերը` Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հրաժարեցաւ ներկայանալէ Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային դատարան` հակառակ արտաքին գործոց նախարարութեան զգուշացումներուն, որ դատարան չներկայանալու պարագային, դատարանը կրնայ վճիռ արձակել իրենց բացակայութեան: Այնուամենայնիւ, Թուրքիոյ դրամատուները, վախնալով նման ճակատագիրէ մը, շտապեցին ներկայանալ դատարան եւ ներկայացուցին միջնորդութիւն մը` դատական գործերը կասեցնելու պահանջով:

Իրենց կողմէ ներկայացուած դիմումներուն մէջ դրամատուները հանդէս եկան զանազան առարկութիւններով` պնդելով, որ Միացեալ Նահանգներու դատարանները չունին նման իրաւասութիւն, որովհետեւ թրքական կողմը ունի ինքնիշխանութեան անձեռնմխելիութիւն: Անոնք պնդեցին, որ դատական գործերը պէտք չէ շարունակել, քանի որ գոյութիւն ունի 1934-ի Անգարայի համաձայնագիրը, «Քաղաքական հարցի տոքթրին»-ը, Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու սպառնալիքը, ինչպէս նաեւ գոյութիւն չունին բաւարար ապացոյցներ, թէ հայցուորները գրաւուած գոյքերու սեփականատէրերուն ժառանգորդներն են, իսկ վաղեմութեան ժամկէտը եւս անցած է:

Զարմանալիօրէն թրքական դրամատուները ընդունեցին, որ նոյնիսկ եթէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը գրաւած է հայկական կալուածներ, ապա միջազգային իրաւունքը կը բացառէ նմանատիպ հայցերու ներկայացումը, քանի որ Թուրքիան խլած է «կալուածներ ի՛ր իսկ քաղաքացիներէն»:

Դրամատուներու փաստաբանները խայտառակ առաջարկ մը տուին` պահանջելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու կտակները ստուգուին, որոշելու համար գրաւուած կալուածներուն օրինական ժառանգորդները: Զոհերու կտակի բացակայութեան պարագային, փաստաբանները առաջարկեցին ուսումնասիրել համապատասխան օրէնքներ` տեսնելու համար, թէ որո՛նք իրականութեան մէջ իրաւունք ունին ստանալու այդ կալուածները:

Որպէս հայցուոր հանդէս եկող հայկական կողմի փաստաբանները հակաճառեցին թրքական առարկութիւններուն եւ դատարանէն խնդրեցին մերժել այդ միջնորդութիւնը: Հայցուորները պնդեցին, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Զիրաաթ» դրամատան մասնաճիւղը առեւտրային անձնական դրամատուն է եւ ոչ մէկ պատճառ ունի ինքնիշխանութեան անձեռնմխելիութեան իրաւունքը վայելելու: Աւելի՛ն. «Ցեղասպանութիւնը կամ գոյքի թալանը երբեք չի կրնար համարուիլ պետութեան մը կողմէ օրինական գործողութիւն: Ատիկա քաղաքականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի, քանի որ այս գործին նպատակն է վերադարձնել հաւատարմագրային կառավարումով տնօրինուող գոյքի վաճառքէն եւ (կամ) վարձակալութենէն ստացուած անիրաւացի բարիքները: Ի վերջոյ, տուեալ պարագային չի կիրարկուիր վաղեմութեան ժամկէտը, քանի որ գոյքերը կը տնօրինուին հաւատարմագրային կառավարումով, եւ զանոնք չվերադարձնելը կը շարունակէ վնաս պատճառել»: Փաստաբանները նաեւ պնդեցին, թէ վաղեմութեան ժամկէտը չի կիրարկուիր պատերազմական յանցագործութիւններու կամ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու պարագային:

Հակասելով դրամատուներու պնդումներուն` խմբական հայցի գործով փաստաբանները պնդեցին, որ արտաքին ինքնիշխան անձեռնմխելիութեան օրէնքը չի բացառեր Միացեալ Նահանգներու մէջ տնտեսական գործունէութիւն իրականացնող օտար անձերու քրէական հետապնդումը, որ իրականացուցած է թէ՛ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւ թէ՛ այդ երկու դրամատուները` տարիներ շարունակ:

Հայկական կողմի փաստաբանները պնդեցին նաեւ, որ թուրք դատապաշտպանները սուտ պնդումներ կատարած են` ըսելով, որ միջազգային օրէնքը ի զօրու չէ օտար պետութիւններու «իրենց քաղաքացիներուն նկատմամբ իրականացուած յանցանքներուն նկատմամբ», ընդհակառակն, «միջազգային իրաւունքը կ՛արգիլէ պետութիւններուն իւրացնել քաղաքացիներու գոյքը ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու պարագային»:

Լսումը նախատեսուած է դեկտեմբերի 19-ին որոշելու համար թրքական դրամատուներու երկու դատական գործերը կասեցնելու միջնորդութեան հարցը: Եթէ դատարանը մերժէ թրքական միջնորդութիւնը եւ հայկական կողմը յաղթէ հերթական դատավարութեան ընթացքին, ապա դատարանը կրնայ որոշում կայացնել, որ երկու դրամատուներու Միացեալ Նահանգներու գոյքերը գրաւուին հայցի արժէքին չափով եւ յանձնուին Հայոց ցեղասպանութեան իրաւազուրկ զոհերու ժառանգորդներուն` իբրեւ արդարացի փոխհատուցում:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

ՀԱՅԵՐԸ ԿԻՊՐՈՍՈՒՄ. ԵՌԱՆԴՈՒՆ, ՀԱՅԱԽՕՍ ԳԱՂՈՒԹ ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆՈՒՄ

Յաջորդը

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔԸ` ՆԱԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆԻ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆԻ, ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ՈՒ ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱՆԻ ԳՈՐԾՕՆ ԱԶԴԱԿԸ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.